2016-05-05 09:48:00

Ռայի Պատրիարք. ''Հայրենիքը պէտք ունի անհատական շահեր անտեսող փրկարար մարդուժի''


Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձաւ երկրի ընդհանուր իրավիճակին, տիրող մարտահրաւէրներուն եւ վարիչներու  դիմակալած դժուարութիւններուն: Ռայի պատրիարք անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան հայրենիքին ի սպաս աշխատող անաչառ տարրերու ներկայութիւնը ընկերութեան մէջ: «Պէտք ունինք իրենց անհատական շահերը անտեսող ժրաջան, բացառիկ ատակութեամբ յատկանշուող մարդուժի», ընդգծեց Ռայի պատրիարք:

Քաղուած <<Ազդակէն>>








All the contents on this site are copyrighted ©.