2016-04-27 10:00:00

Կղերապաշտութիւնը կ´աղաւաղէ Եկեղեցւոյ դիմագիծը. Աշխարհականները գլխաւոր դերակատարներ են։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Եկեղեցին քահանաներու ընտրանի մը չէ և Ս. Հոգին եկեղեցական նուիրապետութեան սեփականութիւնը չէ միմիայն, Ան միշտ կը քաջալերէ, կը խթանէ աշխարհականներու ճիգերը` վկայելու Աւետարանը ընկերութեան մէջ''։ Այս բառերով է որ ֆրանչիսկոս Պապը, անցեալ Մարտին`աշխարհականներու անհրաժեշտ աշխատանքի մասին կայացած հաւաքի աւարտին, նամակ մը յղած է կարդինալ Մարք Ուելլէին`  նախագահը Լատին Ամերիկայի քահանայապետական յանձնախումբին, որուն մէջ ապա նշած է թէ ''Հովիւին չիյնար աշխարհականին ըսել թէ ի՞նչ պէտք է կատարէ կամ ըսէ, ան մեզմէ աւելի լաւ գիտէ թէ ի՞նչ պէտք է ընել''։

Կղերամտութիւնը կ´աղաւաղէ կապը քահանայի ու աշխարհականի միջեւ գրած է հուսկ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով չմոռնալ թէ ''մեր առաջին ու հիմնական օծումը տեղի ունեցաւ մկրտութեան ս. Աւազանին մէջ։ Ոչ ոք մկրտուեցաւ որպէս քահանայ կամ եպիսկոպոս, այլ որպէս աշխարհական եւ մկրտութեան դրոշմը կը մնայ անջնջելի''։

Կղերին պարտականութիւնն է ըլլալ հաւատացեալներու կողքին, անոնց ընկերանալով ու խթանելով զանոնք, ինչպէս մեզմէ առաջ շատերը կատարեցին, ինչպէս է պարագան մայրերու, հայրերու, մեծ մամիկներու` որոնք պատմութեան գլխաւոր դերակատարներէն են։ Աշխարհականները անբաժանելի մասն են Աստուծոյ ժողովուրդին, անոնք գլխաւոր դերակատարներն են Եկեղեցւոյ ու աշխարհին։ Մենք կանչուած ենք անոնց ծառայելու եւ ոչ թէ անոնցմէ ծառայութիւններ ընդունելու ըդգծած է Ֆրանչիսկոս Պապ` Կարդինալ Ուելլէին ուղղած իր նամակին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.