2016-04-26 10:51:00

Օրթոտոքսներու Զատկուան օրը Ռուսիոյ ժողովրդապետութիւններու մէջ վիժումի դէմ հաւաք։


(Ռատիօ Վատիկան) Օրթոտոքսներու Յիսուսի Յարութեան ճրագալոյցին` 30 Ապրիլ 2016-ին, Ռուսիոյ բոլոր ժողովրդապետութիւններու մէջ արշաւ մը կազմակերպուած է որուն ընթացքին ստորագրութիւններ պիտի հաւաքուին սաղմի պաշտպանութեան ու վիժումի արգելումին ի խնդիր։  Նախաձեռնութիւնը կը վայելէ օրհնութիւնը Մոսկուայի ու Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքին ու կեաnքի ի նպաստ շարժումին։

Նշենք որ ռուս ժողովուրդը սովորութիւն ունի­, Զատկուայ ճրագալոյցին, մեծ թիւով յաճախելու եկեղեցին, օրհնել տալու համար Զատկուայ կարկանդակը ու գոյնզգոյն հաւկիթները։

''Վիժումի արգիլման ի խնդիր'' ստորագրահաւաքի կազմակերպիչները կը յուսան աւելի քան մէկ միլիոն ստորագրութիւններ հաւաքել։

Յայտնենք որ Ռուսիա աշխարհի ամենաբարձր վիժում կատարող երկիրն է։ Պետութեան նոր քաղաքականութիւնը կը մտի քաջալերել մայրերը երկրորդ զաւակ մը ունենալու։ Կառավարութիւնը եկեղեցիէն կը սպասէ որ նեցուկ կենայ իր այդ կենսական ծրագրին։

Սովետական միութիւնը եղաւ առաջին երկիրը որ օրինաւորեց վիժումը 1920-ին։ Ստալին` 1936-էն մինչեւ իր մահը, 1954-ի, արգիլեց վիժումը, համայնավար կուսակցութիւնը պարգեւներով ու դրամով քաջալերեց որդեծնութիւնը, սակայն Սովետական Միութեան փլուզումով ազգագրութիւնը մեծ նահանջ արձանագրեց եւ 1992-2008 երկարող տարիներու ընթացքին Ռուսիոյ բնակչութեան թիւը աւելի քան 12 միլիոն նուազեցաւ։ ՄԱԿի գնահատումով Ռուսիան 2050 թուականին պիտի կորսնցնէ իր բնակչութեան հինգերորդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.