Երեքշաբթի, 19 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մոնրէալի Տիրամայր Նարեկի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` նուիրուած տիեզերական վարդապետ` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին: Օրուան պատգամաբերն էր՝ Պոստոնէն հրաւիրուած հայր Անտոն Ծ. Վ. Ադամեան: Ան խօսելով Նարեկացիի տաղանդին մասին, ըսաւ, թէ Նարեկացին գագաթ մըն է հայ բանաստեղծութեան մէջ, պարծանք` հայ եկեղեցւոյ: Տիտան մը ոչ միայն հայ, այլեւ միջազգային գրականութեան չափանիշով եւ խորհրդապաշտական գրականութեան մեծագոյն արտայայտութիւնը հայութեան մօտ:
Հայր Անտոն նշեց, որ Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքըհամամարդկային, հոգեբանական, իմաստասիրական պարունակութեամբ խոր բանաստեղծութիւն մըն է, ուր Գրիգոր Նարեկացի կը ներկայանայ իբրեւ մեղապարտ մարդ` կանչուած իր եւ այլոց մեղքերուն եւ անօրէնութիւններուն ներում հայցելու գերագոյն դատաւորէն: Ան ըսաւ, թէ Գրիգոր Նարեկացիի մէջ բանաստեղծութիւն եւ արուեստ սերտօրէն իրարու շաղկապուած են:
Այդ արուեստը բարդ է, ինչպէս Նարեկացիի հոգին: «Նարեկը Գրիգորի հոգիին կատարեալ արտայայտութիւնն է», ըսաւ պատգամաբերը, ապա աւելցուց. «Գերազանց տաղանդի եւ իմացականութեան մը արդիւնքը: Հիւսուած` յորդազեղ, հզօր եւ ստեղծագործող երեւակայութեամբ: Լեզուն, զոր կը գործածէ Նարեկացին իր ստեղծածն է, հիւթեղ եւ զօրաւոր: Իր գաղափարները եւ զգացումները արտայայտելու համար իրենց ահագնութեամբ, չբաւականանալով հայոց լեզուի եղած մթերքով, դիմած է նոր ածանցումներու եւ բառակերտումներու, որոնք իր լեզուն աւելի հրապուրիչ դարձուցած են: Նարեկով հայ գրական լեզուն փայլեցաւ իր ամբողջ ճոխութեամբ, նրբութեամբ եւ վսեմութեամբ: Անկէ ետք ոչ ոք կրցաւ պահպանել Նարեկի լեզուին մաքրութիւնն ու վսեմութիւնը»:
Հայր Անտոն Ադամեան եզրափակեց խօսքը ըսելով, թէ Նարեկացին հարազատ ծնունդն է իր դարուն եւ միջավայրին: Իր նկարագիրը համադրութիւնն է իր ժողովուրդի ձգտումներուն: Իր գրիչը իսկական պատկերն է իր անհատականութեան: Հայաստանի եւ հայութեան ճակատագրական հրաբուխներէն է ան: Իր ժողովուրդին արիւնին կը պարտի իր խօսքին ջերմութիւնը: Իր մէջ կը խտացնէ այն բոլոր խոկերը, զորս հայ միտքն ու հոգին ունեցեր են սկիզբէն ի վեր, մանաւանդ արաբական իշխանութեան յայտնութենէն ետք, հայ ցեղին բոլոր տագնապներն ու պայքարները, յաղթանակներն ու յոյսերը: Մտքի, սրտի, հոգիի եռեակ հրդեհներով գունդ մը կրակ է Նարեկացին, Աստուծոյ մեծ ճամբուն վրայ:
Համամարդկային մտքի պատմութեան գագաթներէն մէկն է ան` իր ցեղինփառքը եւ մշակոյթի իշխաններուն ջերմագոյնը եւ խորագոյնը
All the contents on this site are copyrighted ©. |