2016-04-20 09:34:00

Եւրոպական խորհուրդի նախագահը Ազրպէյճանէն պահանջած է դադրեցնել կրակոցը Ղարաբաղի մէջ


Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ Սամուէլ Ֆարմանեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր Սթրազպուրկի մէջ խօսք արտասանելով Ազրպէյճանի իշխանութիւններէն պահանջած է դադրեցնել Լեռնային Ղարաբաղի ուղղութեամբ կրակոցը:

Ազրպէյճանի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Փաշայեւա Եունքերին ազրպէյճանցի տեղահանուած բնակիչներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ ուղղած է հարցում մը, որուն պատասխանելով Եունքեր շատ հակիրճ ըսած է. «Միակ բանը, որ կրնամ ըսել Ազրպէյճանին, հետեւեալն է` դադրեցուցէ՛ք կրակոցը, դադրեցուցէ՛ք կռիւը»:

Ֆարմանեանի հաղորդումով` Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահին պատասխանը ներկաներու կողմէ արժանացած է ծափողջոյններու:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.