2016-02-27 11:06:00

Աւագ Ուրբաթ օրուայ Խաչի ճանապարհի խորհրդածութիւնները պատրաստեց կարդինալ Պասսեթթին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 25 մարտին, Հռոմի Քոլլոսեումի աշխարհահռչակ ամփիթատրոնի տարածքին, Աւագ ուրբաթ օրուայ աւանդական խաչի ճանապարհի 14 կայաններու խորհրդածութիւններու պատրաստութիւնը, ֆրանչիսկոս Պապին որոշումով յանձնուեցան Փերուճայի Արքեպիսկոպոս` կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթիին որ մտածականներու որպէս նիւթ ընտրած է ժամանակակից մարդու տառապանքները, ընտանիքն ու Քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած հալածանքները որոնց առանցքը, Ողորմութեան Սուրբ տարուան առթիւ,  կը կազմէ սէրն ու ներումը։

Կարդինալ Պասսեթթի յայտնեց թէ 14 կայաններու խորհրդածութիւններու ընդմէջէն պիտի ներկայացնէ ընտանիքներու եւ երիտասարդներու իրավիճակը,  աշխատանքը եւ մարդոց ու Եկեղեցւոյ ապրած ողբերգութիւնները։

''Յիսուսի չարչարանքը մօտ է ժամանակակից մարդու չարչարանքին, մարդկութեան եւ եկեղեցւոյ ողբերգութիւնները կարիքն ունին բիւրեղացումի եւ հաշտութեան'' ըսաւ Ան հաստատելով թէ Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ Քահանայապետին հրապարակած կոնդակէն ներշնչուելով պիտի անդրադառնայ նաեւ քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած հալածանքի մասին։

Այս տարուայ Յիսուս Քրիստոսի Խաչի ճանապարհը, մարդոց խաչի ճանապարհն է սակայն ամէն ինչ կը կեդրոնանայ Սուրբ Զատկուայ Յարութեան լոյսին վրայ որ է յոյսի մեծագոյն պատգամը որ կը շարունակենք հռչակել. Քրիստոս մեռաւ եւ յարեաւ մեր ու համայն աշխարհի փրկութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.