2016-02-12 14:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Դէպի Քուպա ապա Մեքսիքօ առաջնորդող առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն ուզեց ողջունել իր հետ ճամբորդող 76 լրագրողները եւ անոնց հետ հանդիպման ընթացքին ուզեց ընդգծել Քրիրլ պատրիարքին հետ կայանալիք պատմական հանդիպումին կարեւորութիւնը եւ իր անհուն իղձը հանդիպելու մեքսիքացիներուն հետ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա սիրով ընդունեց Մեքսիքացի լրագրողուհիի մը կողմէ իրեն նուիրուած Մեքսիքական գլխարկը ''սոմպրերոն'' մատնանշելով ապա Մեքսիքացի ժողովուրդի խոր հաւատքին ու Կուատալուփի Տիրամօր հանդէպ անոր ունեցած անհուն ջերմեռանդութեան։

''Իմ բաղձանքս է կանք առնել Կուատալուփի Տիրամօր առջեւ ու խոկալ այդ խորհուրդի մասին'' ըսաւ Սրբազան Հայրը որ ապա յատուկ շնորհակալութիւն ուզեց յայտնել Տիար Ալպերթօ Կազպարրիին որ Քահանայապետական ճամբորդութիւններու կազմակերպիչ  պատասխանատուն եղած է 37 տարիներէ ի վեր, եւ 47 տարիէ ի վեր կ՛աշխատի Վատիկանի մէջ։ ''Ան իր գործը սկսած է 3 – 4 տարեկանին'' ըսաւ Քահանայապետը ժպտալով  ապա` իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնելով  ներկայացուց Տիար Կազպարիին ներկայացուց անոր յաջորդը` գերապայծառ Մաուրիցիօ Ռուետան։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ մէկիկ մէկիկ ողջունեց լրագրողները եւ Քոլոմպիացի լրագրողի մը հետ խօսակցութեան ընթացքին յայտնեց թէ 2017  այցելութիւն պիտի կատարէ Քոլոմպիա։








All the contents on this site are copyrighted ©.