2016-02-12 22:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Քիրիլ Պատրիարքին ստորագրած միասնական յայտարարութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 12 փետրուար 2016-ին, Քուպայի Լա Հապանայի ''Խոսէ Մարթի'' օդակայանին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Մոսկուայի ու համան Ռուսիոյ Պատրիարք Քիրիլի միջեւ կայացած պատմական հանդիպումի ընթացքին երկու Հովուապետերը ստորագրեցին 30 կէտերէ բաղկացած միասնական յայտարարութիւն մը։

Յայտարարութեան առաջին մասին մէջ երկու հայրապետները գոհաբանութիւն կը յայտնեն Աստուծոյ պատմական այս հանդիպումի պարգեւին համար, ակնարկելով ցամաքամասին որուն մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը եւ անցեալի ''հարցերուն'' ու կաթողիկէներու եւ օրթոտոքսներու միջեւ միասնական աշխատանքի անհրաժեշտութեան։

Միասնաբար պատասխանել ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներուն.

Յայտարարութեան մէջ ապա կը մատնանշուի  քրիստոնէութեան սկզբնական շրջանի մարտիրոսներուն ու նահատակներուն եւ հակառակ այս ''Քրիստոնէական սերմին'', Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս եկեղեցիներուն միջեւ հաղորդութեան պակասին, որ արդիւնքն  է անցեալի վէրքերէն բխած բաժանումներուն։

Յայտարարութեան մէջ ապա կ՛ընդգծուի թէ հակառակ խոչընդոտներու գոյատեւումին, մաղթանք այն է որ այս հանդիպումը սատարէ Աստուծմէ խնդրուած միութեան` ''որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան'' ու ներշնչէ աշխարհի համան քրիստոնեաները աւելիով աղօթելու ի սպաս միութեան, ինչպէս նաեւ հանդիպումը ըլլայ նշան յոյսի` բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց։

Վերջ դնել Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ պատերազմին եւ քրիստոնեաներու դէմ հալածանքներուն

Յայտարարութեան եօթներորդ կէտին մէջ կը շեշտուի` ուժերը միացնելու անհրաժեշտութիւնը  Քրիստոսի Աւետարանի վկայութեան ի խնդիր, ու այս ծիրէն ներս կաթողիկէներու եւ օրթոտոքսներու պատասխանատուութիւնը`  մարդկային քաղաքացիութեան ու աշխարհը յուզող հարցերու նկատմամբ, մասնաւորապէս, ի տես աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ, քրիստոսներու դէմ գործադրուած հալածանքներուն, ինչպէս է պարագան Սուրիոյ եւ Իրաքի ու Միջին Արեւելքի այլ երկիրներուն ու հարաւային Ափրիկէի քրիստոնեաներուն որոնք թիրախ են բարբարոսութեան, ու անոնց աղօթատեղիներն ու եկեղեցիները կը պղծուին ու կը քանդուին։

Յայտարարութեան մէջ հայրապետները կոչ կ՛ուղղեն միջազգային հասարակութեան հրատապ օրէն միջամտելու Միջին Արեւելքէն քրիստոնեաներու արտահանումը դադրեցնելու բերումով։

''Մեր ձայնը բարձրացնելով հալածուած քրիստոնեաներուն ի սպաս մեր կարեկցութիւն կը յայտնենք նաեւ այլ դաւանանքներու հաւատացեալներու կրած ցաւերուն համար, որոնք իրենց կարգին թիրախ են քաղաքացիական պատերազմին եւ ահաբեկչութեան բռնութիւններուն'' կը շեշտուի յայտարարութեան մէջ մատնանշելով` Սուրիոյ եւ  Իրաքի անթիւ զոհերուն ու այդ երկիրներու բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւններ հասցնելու հարկաւորութեան։

Երկու Հայրապետները հուսկ աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատումին համար որ ըլլայ ''պտուղը արդարութեան'' որպէսզի ''աւելիով ամրապնդուի եղբայրական համակեցութիւնը ժողովուրդներու, կրօններու եւ եկեղեցիներու միջեւ'' ու ''գաղթականները կարենան վերադարձ կատարել իրենց տուները''։  Անոնք ապա կոչ կ՛ուղղեն հակամարտող կողմերուն բարի կամք ցուցաբերելու ու կլոր սեղանի շուրջ նստելու սկիզբ տալու համար բանակցութիւններուն, այնպէս ինչպէս կը հրաւիրեն միջազգային հասարակութիւնը եւ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմող բոլոր երկիրները խոհեմօրէն  եւ պատասխանատուութեամբ գործելու եւ աջս ուղղութեամբ  բոլոր քրիստոնեաներէն կը խնդրեն որ թախանձագին աղօթեն որպէսզի Արարիչը պահապանէ իր արարածները ու թոյլ չտայ որ այլ համաշխարհային պատերազմ մը տեղի ունենայ։


Միջ կրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը.

 Յայտարարութեան 12-րդ կէտին մէջ շեշտը կը դրուի ժամանակից մարտիրոսներուն վրայ որոնք իրենց կեանքը զոհեցին ի սպաս Աւետարանին եւ որոնք կը պատկանին զանազան եկեղեցիներուն ու միացած են միեւնոյն տառապանքի մէջ, որ կը կազմէ ''քրիստոնեաներու միութեան'' առանցքը։ Այս ծիրէն ներս հարկաւոր կը նկատուի կրօնական երկխօսութիւնը ու զանազան կրօններու պատկան անհատներու միջեւ խաղաղ ու ներդաշնակ համակեցութիւնը եւ այս առընչութեամբ նոր սերունդի կազմաւորումն ու դաստիարակութիւնը` իրար զիրար յարգանքի։

''Ոչ մէկ ոճիր կրնայ իրագործուիլ Աստուծոյ անունով'' կը գրեն Երկու Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները հաստատելով թէ ''Աստուած աւերումի Աստուած չէ այլ խաղաղութեան''։

Կրօնական ազատութիւնը սպառնալիքի տակ.

Յայտարարութեան 14 -րդ ու 15-րդ կէտերը յատկացուած են կրօնի ազատութեան  եւ այս առընչութեամբ իրագործուած յառաջդիմութիւններուն, թէեւ շատ մը երկիրներու մէջ կրօնական ազատութիւնը սահմանափակուած կը մնայ ու այլ բազմաթիւ երկիրներ աշխարհայնացումի ճանապարհը ընդգրկած են­, ուր քրիստոնեաներու իրաւունքները հետզհետէ կը նուազին ու կը սահմանափակուին։ Ասկէ մեկնելով` Եւրոպական ցամաքամասի բոլոր քրիստոնեաներուն հրաւէր կ՛ուղղուի արթուն հսկելու եւ միասնաբար վկայելու Քրիստոսն ու անոր Աւետարանը որպէսզի Եւրոպան շարունակէ պահպանել երկու հազարամեայէ կազմուած իր քրիստոնէական աւանդութեան հոգին։

Զօրակցութիւն աղքատներուն եւ գաղթականներուն

Յայտարարութեան մէջ ապա յատուկ անդրադարձ կը կատարուի բոլոր անոնց որոնք դժուար կացութեան մէջ կ՛ապրին եւ որոնք կարիքն ունին օգնութեան ինչպէս գաղթականները­, փախստականները եւ անարդարութիւններու թիրախ անհատները։ Քրիստոնեայ եկեղեցիները կանչուած են պաշտպանելու արդարութեան պահանջները, ժողովուրդներու աւանդութիւններու յարգանքը եւ բոլոր տառապողներուն յայտնելու զօրակցութիւն։

19-րդ կէտին մէջ կը մատնանշուի ընտանիքին ու ընտանեկան կառոյցին որպէս հիմ մարդկային կեանքին եւ ընկերութեան, մինչ 20-րդ կէտին մէջ կը հաստատուի թէ ''Ընտանիքը կը հիմնուի ամուսնութեան վրայ որ է` ''մարդու ու կնոջ միջեւ հաւատարիմ ու ազատ սիրոյ  ներգործութիւն'', ապա ցաւ կը յայտնուի ի տես ''համակեցութեան այլ ձեւերու'' որոնք կ՛ուզեն հաւասարիլ ընտանիքի միութեան, մինչ հայրութեան եւ մայրութիւնն հասկացողութիւնը հետզհետէ կը նսեմանայ հրապարակային խղճէն։

Ընտանիք, կեանքի պաշտպանութիւն

21րդ կէտին մէջ կոչ կ՛ուղղուի յարգելու կեանքի իրաւունքը սաղմէն մինչեւ մահ ապա 22-րդ կէտին մէջ հրաւէր կ՛ուղղուի քրիստոնեայ երիտասարդներուն  Աստուծմէ ստացած իրենց կարողութիւնները դնելու ի սպաս աշխարհի մէջ Քրիստոսի ճշմարտութեան հաստատումին. ''Մի վախնաք հակահոսանք ընդանալէն, պաշտպանելով Աստուծոյ ճշմարտութիւնը...Աստուած կը սիրէ ձեզմէ ամէն մին։ Ձեր զաւակները դաստիարակեցէք Քրիստոնէական հաւատքով­, անոնց փոխանցելով հաւատքի թանկարժէք մարգարիտը, որ ստացաք ձեր ծնողներէն'' յորդոր կ՛ուղղուի երիտասարդներուն ապա յայտարարութեան վերջին կէտերուն մէջ դարձեալ կը մատնանշուի երկու եկեղեցիներու միութեան ու միասնական աշխատանքին։

Ոչ մարդորսութեան .Խաղաղութիւն Ուքրանիոյ մէջ

''Մենք հակառակորդներ չենք այլ եղբայրներ, առ այդ հարկաւոր է որ կաթողիկէներն ու օրթոտոքսները  միասին  ապրին խաղաղութեան ու սիրող մէջ եւ ասոր համար կարելի չէ ընդունիլ հաւատացեալներու որսորդութիւնն ու  քաջալերանքը անցնելու մէկ եկեղեցիէն միւսը` ժխտելով անոնց կրօնական ազատութիւնը ։

Երկու եկեղեցապետերը ի վերջոյ մաղթանք կը յայտնեն որ այս հանդիպումը սատարէ հաշտութեան  հակառակ պատմական աւանդութիւններու տարբերութեան։ Անոնք ապա կը դատապարտեն Ուքրանիաոյ հակամարտութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղեն կողմերուն կլոր սեղանի շուրջ նստելու ու միասնաբար կերտելու խաղաղութիւնը եւ այս առընչութեամբ եկեղեցիները աշխատելու են ընկերային ներդաշնակութեան ծաւալումին` հեռու մնալով կողմնակալ կեցուածքներէն։

Եղբայրներ եւ ոչ թէ մրցակիցներ։

Ժամանակից աշխարհի մէջ կաթողիկէներն ու օրթոտոքսները հրաւիրուած են համագործակցելու եղբայրաբար` Փրկութեան Բարի Աւետիսին ի սպաս, ու միասնաբար վկայելու անհատին իսկական ազատութիւնը ''որպէսզի աշխարհը հաւատայ''­  որովհետեւ աշխարհը կը սպասէ Քրիստոնէական հզօր վկայութիւնը որուն  կարողութենէն կախեալ է մարդկութեան ապագան։

Յայտարարութեան եզրափակիչ վերջին երկու կէտերուն մէջ կը հայցուի Տիրոջ շնորհքը եւ անոր ողորմութիւնը ինչպէս նաեւ Մարիամ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի բոլոր անոնք որ իրեն կը դիմեն համախմբուին, Աստուծմէ որոշուած ժամանակներով, Խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեամբ Աստուծոյ միակ ժողովուրդի մը մէջ, ի Փառս Ամենասուրբ եւ անբաժանելի Սուրբ Երրորդութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.