2016-02-12 11:29:00

Կարդինալ Փարոլինի զեկոյցը Ֆրանչիսկոս Պապի Մեքսիքօ կատարած ճամբորդութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 11 փետրուարին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլին,  CTV վատիկանեան հեռուստակայանի հետ ունեցած զրոյի մը ընթացքին, յայտնեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Մեքսիօ կատարած միջազգային 12-րդ Առաքելական Ճամբորդութեան  պատգամներու  կեդրոնական նիւթերը։

Ֆրանչիկսոս Պապի  Մեքսիքոյի ճամբորդութեան պատգամներուն  առանցքային տեղ  պիտի գրաւեն Ողորմածութեան, արդարադատութեան, խաղաղութեան, գաղթականութեան երեւոյթի , բռնութիւններու դէմ պայքարի , ինչպէս նաեւ ոճրագործութեան դատապարտումի նիւթերը ։

Կարիդնալ Փարոլին ապա հաստատեց  թէ Ֆրանչիկսոս Պապի Մեքսիքոյի ճամբորդութիւնը Մարեմական ծաւալ ունեցող ճամբորդութիւն պիտի հանդիսանայ որովհետեւ  Մեսիքոյի Կուատալուփէի Տիրամայրը յատուկ տեղ կը գրաւէ  Մեքսիքացիներու սրտին ու կեանքի մէջ  ինչպէս նաեւ  անոնց պատմութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապի Մեքսիքողի մէջ ներկայութիւնը սատար պիտի հանդիսանայ երկրին եկեղեցւոյ՝ յայտնաբերելու եւ ապրելու ողորմածութիւնը  առօրեայ կեանքին մէջ զայն հռչակելով ու վկայութիւն տալով անոր մասին ըսած է Կարդինալ Փարոլին ապա անդրադառնալով Ֆրանչիկսոս Պապի եւ Քիրիլ Պատրիարքի միջեւ կայանալիք հանդիպումին հաստատած է թէ ''անիկա պիտի ըլլայ յոյսի մեծ նշան մը ինչպէս նաեւ  պիտի հանդիսանայ քաջալերանքի ներշնչման պահ մը  շարունակելու համար կառուցել աւելի հասկացողական յարաբարերութիւն, հանդիպում եւ երկխօսութիւն, նիւթեր որոնք Ֆրանչիսկոս Պապի սրտին խօսող նիւթեր են։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.