2016-02-12 08:00:00

Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 12-րդ առաքելական միջազգային ճամբորդութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 12 փետրուար 2016-ի առաւօտեան ժամը 7,15-ին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով Վատիկանէն ուղղուեցաւ Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան ուր պաշտօնական արարողակարգէն ետք բարձրացաւ ''Ալիթալիա'' օդանաւախմբի ընկերութեան օդանաւ սկիզբ տալով իր Քահանայապետութեան առաքելական 12-րդ միջազգային ճամբորդութեան` որ զինք կ՛առաջնորդէ Մեքսիքօ եւ որուն առաջին հանգրուանը կը հանդիսանայ Քուպայի Մայրաքաղաք ` Լա Հապանայի ''Խօսէ Մարթի'' միջազգային օդակայանը ուր` Մեքսիքոյի առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, նախատեսուած է աննախընթաց պատմական հանդիպումը` ընդմէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին եւ Մոսկուայի  ու Համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքին։

Նորին Սրբութեան օդանաւը 12 ժամ 15 վայրկեան տեւող ճամբորդութենէ  ետք եւ սաւառնելով Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Սպանիայի, Փորթուկալի, Պահամասի եւ Քուպայի օդային տարածքներուն վրայէն, Քուպայի տեղական ժամով 14-ին (Հռոմի ժամով 20-ին) վայրէջք կը կատարէ Քուպայի մայրաքաղաք Լա Հապանայի ''Խօսէ մարթի'' միջազգային օդակայան ուր Քահանայապետին կը դիմաւորէ Քուպայի նախագահ Ռաուլ Քասթրոն ու անոր ընկերացող պետական ու եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններէ կազմուած պատուիրակութիւն մը։

Սրբազան Քահանայապետը Քուպայի օդակայանին մէջ կը մնայ շուրջ երեք ու կէս ժամ որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենայ պատմական հանդիպումը եւ երկու եկեղեցիներու միջեւ միասնական յայտարարութեան ստորագրութիւնը։

Տեղական ժամով 17,30-ին (Հռոմի ժամով 23,30) Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով Քուպայէն օդանաւ կը բարձրանայ շարունակելու համար իր ուղեւորութիւնը դէպի առաքելական 12-րդ ճամբորդութեան վայր` Մեքսիքօ ուր ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամով 19,30-ին (Հռոմի ժամով 13 փետրուարի առաւօտեան ժամը 2,30-ին)։

Մեքսիքոյի օդակայանին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը դիմաւորուի Մեքսիքոյի Նախագահ` Տիար Էնրիք Փենիա Նիեթոյի կողմէ ու Պետական եւ Եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններէ կամզուած պատուիրակութեան  կողմէ, հուսկ օդակայանի Նախագահական սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ Նախագահի ու Քահանայապետի միջեւ առանձնական հակիրճ հանդիպում որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը Քահանայապետական սպիտակ բացօթեայ ինքնաշարժով ''Փափա-Մոպիլէ'' կ՛ուղղուի դէպի առաքելական նուիրակութիւն որ կը գտնուի օդակայանէն 19 քմ հեռաւորութեան վրայ եւ ուղեւորութեան ընթացքին առիթը կ՛ունենայ վայելելու Մեքսիքացի ժողովուրդին ջերմ ընդունելութիւնը, անոնց փոխանցելով իր սէրը, գորովը եւ հայրական հոգածութեան զգացումները։








All the contents on this site are copyrighted ©.