2016-02-12 10:51:00

Արեան Համամիութիւնը առանցքը կը կազմէ Ֆրանչիսկոս Պապ – Քիրիլ Պատրիարք հանդիպումին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 12 փետրուարին Հապանայի մէջ տեղի ունեցող պատմական հանդիպումը ընդմէջ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ռուսիոյ Պատրիարք Քիրիլին` կարեւոր մէկ հանգրուան մըն է երկու եկեղեցիներու յարաբերութիւններու ամրապնդումի ուղղութեամբ։

Հակառակ այլ օրթոտոքս եկեղեցիներու հետ իրականացուած համամիութենական քայլերուն, Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովէն ասդին, տասնեակ տարիներու ընթացքին, Ռուսիոյ Եկեղեցւոյ  հետ յարաբերութիւնները յատկանշուած են  ելեւէջներով ու փակումի եւ բացման հանգրուաններով որոնք արգելք հանդիսացան Մոսկուայի Պատրիարքի եւ Հռոմի Եպիսկոպոսին միջեւ հանդիպումի մը իրականացումին։

Արդարեւ Ֆրանչիսկոս Պապէն առաջ, ըլլայ Յովհաննէս Պօղոս Բ ըլլայ Վաստակաւոր քահանայապետ` Պենետիկտոս ԺԶ, փորձեր կատարեցին այս ուղղութեամբ որոնք սակայն արդիւնքի չի հանգեցան։

2015-ին Մոսկուայի եւ Հռոմի եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները նոր հանգրուանի մէջ մտան եւ  բոլոր տարուայ ընթացքին, երկու եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպումները խտացան ու աւելիով ամրապնդուեցան յատկապէս ''մշակութային համամիութեան'' մարզէն ներս, որով երկու եկեղեցիները սկսան իրարու հետ համագործակցիլ որոշ ձեռնարկներ իրագործելով, յատկապէս քահանաներու կազմաւորման ու իրար ճանաչողութեան շրջագիծէն ներս։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը միւս կողմէն, Սուրբ Պետրոսի գահին վրայ բարձրանալէն անմիջապէս ետք միշտ աշխատած է ի սպաս միութեան ու յաճախ կրկնած է թէ հարկաւոր է ''մէկդի դնել մեզ բաժնող հարցերը ու կենդրոնանալ այն բաներու վրայ որոնք մեզ կը միացնեն'' եւ այս ծիրէն ներս Ան երբեք չէ զլացած ընդգծելու ''արեան համամիութիւնը'' ի տես քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած հալածանքներուն, ըլլան անոնք կաթողիկէ, օրթոտոքս կամ բողոքական։ ''Անոնք կը հալածուին   պարզապէս որովհետեւ քրիստոնեայ են'' հաստատած է Քահանայապետը մատնանշելով ''արեան համամիութեան'' ու այս առընչութեամբ հրաւէր ուղղած է ''միութեան'' որպէս նշան միասնականութեան ու եղկեցին եւ աշխարհը յուզող հարցերու դիմագրաւումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.