2016-02-11 12:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Սանթա Մարիա Մաճճորէ եկեղեցւոյ տուած այցելութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Աւանդութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, միջազգային առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած` Սանթա Մարիա Մաճճորէ Մայր Տաճարին ու այնտեղ գտնուող ''Սալուս Փոփուլի Ռոմանի – Հռոմի Ժողովուրդի փրկութիւն'' Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ կ՛աղօթէ, Աստուածամօր հովանիին յանձնելով հովուական առաքելութիւնը։

Մեքսիքօ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, Հինգշաբթի 11 Փետրուար 2016-ի առաւօտեան, Նորին Սրբութիւնը այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքան եւ Սալուս Փոփուլի Ռոմնաի սրբապատկերին առջեւ աղօթելէ ետք ուղղուեցաւ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքա ուր  տեղի կ՛ունենար Քառասնորդացի սկիզբի Հռոմի թեմի պատկան Քահանաներու հանդիպումը։ Սրբազան Հայրը անոնց հետ հանդիպում ունեցաւ եւ խոստովանանքի խորհուրդը մատակարարեց մի քանի քահանաներուն։

Վերոնշեալ հանդիպումը կազմակերպուած էր որպէս հրաւէր փորձարկելու Աստուծոյ Ողորմութիւնը ու միեւնոյն ատեն` մեր կարգին դառնալու Ողորմութեան Պաշտօնատարներ մեզի յանձնուած հասարակութիւններուն մէջ յայտնած է Հռոմի Տեղապահ եպիսկոպոսը կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինին որ ապա տեղեկացուցած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապ այս առթիւ բոլոր քահանաներուն նուիրեց ''Աստուծոյ Անունը Ողորմութիւն է'' խորագիր կրող  իր գիրքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.