2016-02-11 13:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Կիւրեղ պատրիարքին միջեւ պատմական հանդիպում Քուպայի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) 1054-էն ի վեր, Հռոմի Պապ մը եւ Ռուսիոյ Պատրիարք մը իրարու չէին հանդիպած։ 2016-ի Փետրուար 12-ը` պատմութեան էջերուն մէջ պիտի դրոշմուի որպէս պատմական թուական։ Այդ օր 962 տարիներ ետք Տիեզերական Եկեղեցւոյ Հովուապետ մը եւ Ռուսիոյ Պատրիարք մը իրարու պիտի հանդիպին եւ այս պատմական հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ չէզոք  նկատուած  Քուպայի ''Խօսէ Մարթի'' օդակայանի մէկ սրահին մէջ։

Հանդիպման առիթը ստեղծուեցաւ, տրուած ըլլալով որ ըլլայ Ֆրանչիսկոս Պապը ըլլայ  Ռուս Եկեղեցւոյ հովուապետը այս օրերուն հովուական այցելութիւններով կը գտնուին Լատին Ամերիկեան ցամաքամասին մէջ։ Մինչ Ֆրանչիսկոս Պապ Քուպայի մէջ մի քանի ժամուայ դադար կը կատարէ ու իր առաքելական ճամբորդութիւնը կը շարունակէ դէպի Մեքսիքօ Կիւրեղ Պատրիարքը, որ առաջին անգամուան համար պաշտօնական այցելութիւն կը կատարէ Լատին Ամերիկա, Քուպան այցելելէ ետք պիտի ուղղուի Պրազիլ ապա Փարակուէյ։

Պատմական հանդիպումի արարողակարգը։

Լա Հապանայի Խօսէ Մարթի օդակայան ժամանումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ուղղուի օդակայանի պաշտօնական մէկ սրահ ուր, տարբեր մուտքերէ միանգամայն մուտք կը գործեն ինք եւ Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ` Կիւրեղ Պատրիարքը։ Պատմական Հանդիպումին ներկայ կը գտնուին Մետրոպոլիտ Հիլարիոնը որ է Ռուսիոյ պատրիարքութեան եկեղեցիներու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի նախագահ եւ կարդինալ Քիւրտ Քոխը որ է Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ։

Երկու Հայրապետներու ողջագուրումէն ետք տեղի կ՛ունենայ նուէրներու փոխանակում որմէ ետք Պապն ու Պատրիարքը կ՛անցնին քովնտի սրահ` ուր նախատեսուած է միացեալ յայտարարութեան մը ստորագրութիւնը եւ ուր ներկայ է նաեւ Քուպայի հանրապետութեան նախագահը Ռաուլ Քասթրոն։

Յայտարարութեան ստորագրութենէն ետք խօսք կ՛առնէ նախ Կիւրեղ Պատրիարքը որուն կը յաջորդէ Ֆրանչիսկոս Պապին զեկոյցը ապա տեղի կ՛ունենայ երկու պատուիրակութիւններու ներկայացումը որուն աւարտին Քահանայապետը, Պատրիարքը եւ Քուպայի նախագահը կը վերադառնան քովնտի սրահ ուր տեղի կ՛ունենայ հրաժեշտի հանդիպում` ի ներկայութեան Մետրոպոլիտ Հիլարիոնի եւ կարդինալ Քիւրտ Քոխի։

Պատմական հանդիպման աւարտին Քուպայի նախագահ Ռաուլ Քասթրոն` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կ՛ընկերանայ մինչեւ օդանաւ ուր տեղական ժամով 17,30-ին (Հռոմի ժամով 23,30) Սրբազան Քահանայապետը օդանաւ կը բարձրանայ շարունակելու համար իր ուղեւորութիւնը դէպի առաքելական 12-րդ ճամբորդութեան վայր` Մեքսիքօ ուր կը ժամանէ 3 ժամ տեւող թռիչքէ մը ետք տեղական ժամով 19,30-ին (Հռոմի ժամով 13 փետրուարի առաւօտեան ժամը 2,30-ին)։








All the contents on this site are copyrighted ©.