2016-02-11 08:44:00

Վատիկանի Ռատիոյի հիմնարկութեան 85 ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) 12 Փետրուար 2016ին կը նշուի Վատիկանի Ձայնասփիւռի հիմնարկութեան 85-րդ տարեդարձը։ Վատիկանի Ռատիոկայանը հիմնուած է՝ արդարեւ Ձայնասփիւռի գիւտարար Իտալացի Կուլիելմօ Մարքոնիի աջակցութեամբ Պիոս ԺԱ Պապի խնդրանքով ու կայանին պաշտօնական բացումը կատարուած է 12 Փետրուար 1931ին երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ Հռոմի պապի կողմէ իսկ անոր տնօրէնութիւնը յանձնուած է Յիսուսեան Միաբանութեան։

Ռատիովատիկանի գլխաւոր գործունէութիւնն է ազատութեամբ, հաւատարիմ, ազդու եւ զօրեղօրէն հաղորդել ու տարածել Քրիստոսի պատգամը, եւ կամուրջ հանդիսանալ Կաթողիկէութեան կեդրոն` Հռոմի եւ համայն աշխարհի միջեւ եւ այս` սփռելով Հռոմի Պապի ձայնը եւ վարդապետութիւնը, հաղորդելով Սուրբ Աթոռի եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեանքին եւ գործունէութեան մասին  տեղեկութիւններ,  ապա հաւատացեալներուն տալ ''ուղղութիւններ'' դիմագրաւելու այսօրուան մարտահրաւէրները Եկեղեցւոյ ուսուցումի եւ վարդապետութեան լոյսով։

Վատիկանի Ձայնասփիւռը աշխարհի ամենամեծ Ռատիոկայաններէն մին  է։ Անոր ալիքներու միջոցաւ հինգ  աշխարհամասերու ունկնդիրներուն կը ձայնասփռուին  40 լեզուներով  յայտագիրներ, որոնց շարքին է նաեւ Հայերէնը իր ամենօրեայ 19 վայրկեան տեւող հաղորդումով։

Յայտնենք թէ Ռատիօ Վատիկանի Հայերէն ամէնօրեայ հաղորդումները սկիզբ առած են 1966ի՝ Մայիս 29ին։ Այս տարի կը նշուի խմբագրութեան 50 ամեակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.