2016-02-11 08:30:00

Մարդասիրական 160 կազմակերպութիւններ պահանջած են անյապաղ հրադադար հաստատել Սուրիոյ մէջ


Մարդասիրական 160 կազմակերպութիւններ, ներառեալ` ՄԱԿ-ի գործակալութիւններ, հանդէս եկած են Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման եւ հակամարտութենէն տուժածներուն օգնութիւն ցոյց տալու համար անարգել մուտք ապահովելու օգտին:

Այդ մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսուած է համատեղ ուղերձին մէջ, որ Փետրուար 10-ին տարածուած է ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանին մէջ:

«Այն ժամանակ, երբ Սուրիոյ մէջ գրեթէ հինգ տարի առաջ սկսակ հակամարտութիւնը, սպաննուած են աւելի քան 250 հազար տղամարդիք, կիներ ու փոքրիկներ, 17 միլիոն մարդ ունի մարդասիրական օգնութեան կարիք, իսկ միլիոնաւոր սուրիացիներ փախած են երկրէն, որ ազդած է ամբողջ աշխարհի վրայ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ: Մարդասիրական կազմակերպութիւնները ընդգծած են, որ վերջին տարուան ընթացքին աւելի է դժուարացած է բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելը: «Շրջափակումներն ու սովը այժմ դարձած են պատերազմի գործիք, որ կ՝օգտագործեն հակամարտութեան բոլոր կողմերը»,- պնդած են անոնք:

160 գործակալութիւններէ բաղկացած ցուցակը կը ներառէ Պարէնաւորման համաշխարհային ծրագիրը, ՄԱԿ-ի փախստականներու գործերու գերագոյն կոմիսարի վարչութիւնը, ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամը, Գաղթականութեան միջազգային գործակալութիւնը, Փախստականներու գործերու նորվեկական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ տասնեակ այլ միջազգային ու ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ` աշխարհի տարբեր մասերէ:

ՄԱԿ-ի մէջ հակամարտութեան կարգաւորման յոյսերը կը կապեն Դամասկոսի եւ ընդդիմութեան միջեւ բանակցութիւններու հետ, որոնք պէտք է սկսին Փետրուար 25-էն ոչ ուշ: Անոնց միջեւ երկխօսութիւնը կարգաւորելու առաջին փորձը, որ ձեռնարկուած էր Յունուարի վերջը, յաջողութիւն չէ ունեցած:

Փետրուար 11-ին, ըստ TASS լրատու գործակալութեան, Միւնիխի մէջ նիստ պիտի գումարէ Սուրիոյ աջակցման միջազգային խումբը, որ պիտի քննարկէ հերթական խաղաղ նախաձեռնութեան յաջողութեան համար անհրաժեշտ յետագայ քայլերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.