2016-02-10 10:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը` Արդարութիւն եւ Բաժնեկցութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 10 փետրուար 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը հազարաւոր ուխտաւորներուն շնորհեց հրապարակային ունկնդրութիւն եւ այս առթիւ անոնց ներկայացուց խորհրդածութիւն մը յատուկ օրէն անդրադառնալով Սուրբ Գիրքին մէջ ընդգծուած Յոբելեանի մասին։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի լոյս եւ Քառասնորդացի բարի երթ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսեցաւ Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած Յոբելեանի հին աւանդութեան մասին որ կը գտնուի Ղեւտացիներու գիրքին մէջ եւ ուր նշուած է թէ ամէն 50 տարի, փողի  հնչիւնով  պէտք  է  յայտարարէք  (յոբելեանը)  ձեր  ամբողջ  երկրին  մէջ՝  եօթներորդ  ամսուան  տասներորդ  օրը  (թէ  սկսած  է յոբելեան  տարին):  Փողով  պիտի  յայտարարէք  Քաւութեան օրը, ձեր ամբողջ երկրին մէջ:

Սուրբ  պիտի  պահէք  ամբողջ  յիսներորդ  տարին,  եւ  ներում պիտի  յայտարարէք  ամբողջ  երկրի  վրայ,  անոր  բոլոր  բնակիչներուն,  որովհետեւ  (այդ  տարիով)  ներումի  տարին  կը  յայտարարուի  ձեզի  համար: (Այդ  տարին)  ամէն  մարդ  իր  կալուածները պէտք է  վերադառնայ,  եւ իր ընտանիքին քով պէտք է երթայ ամէն մարդ, որովհետեւ  ներումի  յայտարարութիւն  է  ան:  Յիսներորդ  տարին՝  (յիշատակելի)  տարի  մը  պէտք  է  ըլլայ  ձեզի  համար։

Յոբելեանով ընդհանրական թողութիւն կը կատարուէր, հողերը կը վերադարձուէին անոնց տէրերուն, անարդարութիւններու դէմ պայքար մը աղքատներուն առիթ տալով որ կարենան անհրաժեշտը գտնել ապրելու համար։

''Այս ընկերութեան նպատակը հիմնուած էր հաւասարութեան եւ զօրակցութեան վրայ''  ըսաւ Քահանայապետը  ու ազատութիւնը, հողը եւ դրամը կը դառնային բոլորին ի սպաս բարիք մը։ Յոբելեանը Ժողովուրդը կ՛օգներ ապրելու իսկական եղբայրութիւն մը հիմնուած փոխադարձ օգնութեան վրայ։ Կրնանք ըսել թէ աստուածաշունչի յոբելեանը Ողորմութեան Յոբելեան մըն էր որովհետեւ ապրուած էր ի սպաս կարիքաւոր եղբօր։

Հին կտակարանին մէջ այլ հաստատութիւններ եւս կը կառավարէին Աստուծոյ ժողովուրդին կեանքը այնպէս որ կարելի ըլլար փորձարկել Տիրոջ Ողորմութիւնը ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը օրինակ բերելով աղքատներուն  եւ ղեւտացւոց յատկացուած ''տասաներորդը''  եւ կամ հունձքի երախայրիքը։

Որքան վաշխառութեան իրավիճակներ մեր այս օրերուն տառապանք ու ցաւ կը պատճառեն ընտանիքներուն ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ դատապարտելով այդ մեղքը ու մատնանշելով թէ Տէրը խոստացաւ իր օրհնութիւնը բոլոր անոնց որոնք իրենց ձեռքերը կը բանան։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Աստուածաշունչի պատգամը յստակ է` բացուիլ քաջութեամբ բաժնեկցութեան։ Հայրենակիցներու, ընտանիքներու, ժողովուրդներու եւ ցամաքամասերու միջեւ։ Առանց աղքատներու աշխարհի մը  իրագործումին սատարել կը նշանակէ կառուցել ընկերութիւն մը առանց խտրականութեան` հիմնուած զօրակցութեան վրայ որ կը մղէ բաժնեկցիլ մեր ունեցածը եւ կենսամիջոցները բաշխել եղբայրութեան եւ արդարութեան վրայ հիմնուելով։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը` զանազան լեզուներով ողջոյններ ուղղեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն,  հիւանդներուն  եւ նորապսակներուն վերյիշելով թէ այսօր` Օր Մոխրոց է ու սկիզբ կ՛առնէ քառասնորդաց շրջանը։ Ապա հրաւիրեց երիտասարդները այս ժամանակը ապրելու որպէս շնորհքի ժամանակ եւ որպէս դէպի Ողորմած Աստուծոյ վերադարձ։ Հիւանդները քաջալերեց իրենց տառապանքը նուիրելու Աստուածմէ հեռու ապրողներուն ապաշխարութեան համար եւ խրախուսեց նորապսակները իրենց նոր ընտանիքը կառուցելու սիրոյ հաստատ ժայռին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.