2016-02-10 11:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց աղօթել Մեքսիքոյի առաքելական ճամբորդութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 10 փետրուար 2016-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ շնորհած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ հաւատացեալներէն յատուկէն խնդրեց որ աղօթեն Մեքսիքօ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան համար։

''Միւս օր սկիզբ կ՛առնէ Մեքսիքոյի առաքելական ճամբորդութիւնը, սակայն նախ պիտի երթամ Հապանա հանդիպելու իմ սիրելի եղբօր` Կիւրեղի հետ - ըսաւ Քահանայապետը եւ աւելցուց -  ''Ձեր բոլորին աղօթքներուն կը յանձնեմ ըլլայ Կիւրեղ Պատրիարքի հետ հանդիպումը ըլլայ Մեքսիքոյի ճամբորդութիւնը''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.