2016-02-10 13:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իրաքի Վարչապետ` Հայտար Ապատին


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 10 փետրուարին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն միջոցաւ տեղեկացուց, թէ այսօր՝ չորեքշաբթի 10 փետրուարին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իրաքի վարչապետ ՝Տիար Հայտար Ալ Ապատին։

Վարչապետը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Վատիկանի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքի քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Կալլակեր։

Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Վատիկանի եւ Իրաքի դիւանագէտներու միջեւ կայացած հանդիպումը տեղի  ունեցած է սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկկողմանի բարի յարաբերութիւններուն, երկրին մէջ եկեղեցւոյ դերակատարութեան  եւ հոն բնակչութիւն հաստատած քրիստոնեաներուն ու փոքրամասնութիւններուն իրավիճակի մասին, յատուկ կերպով շեշտելով շրջանին մէջ Քրիստոնեաներու ու փոքրամասնութիւններուն ներկայութեան կարեւորութիւնը,  ինչպէս նաեւ անոնց իրաւունքներու պահպանման կարիքները։

 Հանդիպումի ընթացքին դիւանագէտները նշած են նաեւ միջ-կրօնական  երկխօսութեան եւ կրօնային հասարակութիւններու պատասխանատուութեան  կարեւորութիւնը` շրջանին մէջ հանդուրժողականութեան եւ խաղաղութեան կերտումին համար։

Այս շրջագիծէն ներս դիւանագէտները կեդրոնացած  են երկրի զանազան խաւերու միջեւ  համերաշխութեան ընթացիկ գործընթացի կարեւորութեան վրայ ինչպէս նաեւ մարդասիրական  կացութեան վրայ` ըլլայ ազգային ըլլայ տարածաշրջանային գետնի վրայ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.