2016-02-10 07:30:00

Ցուցմունքներ Ողորմութեան Յոբելեանի արդիւնաւորման համար։


Արարիչին մեծութեան վրայ հիանալ՝ արարածներուս փոքրութեան գիտակցելով,

Ամենակալին սրբութեան առջեւ խոնարհիլ՝ մեր խեղճութեան վրայ ցաւելով,

Տիրոջ գորովագութ հայրութիւնը գովերգել՝ մեր անառակութեան վրայ լալով,

Մեղքէն հեռանալ՝ պատուիրանապահութեամբ ու բարեպաշտութեամբ ապրելով,

Սրտանց զղջալ՝ երկնաւոր Հօր բարութեան մասին խոկալով,

Մոլութիւնները մեր վրայէն թօթափել՝ առաքինութեամբ զարդարուելով,

Անձնասիրութենէն հրաժարիլ՝ եղբայրսիրութեան պատուէրը գործադրելով,

Չարախօսութեան լեզուն սանձել՝ բարեացակամօրէն արտայայտուելով,

Աւերիչ  քննադատութիւններէն խուսափիլ՝  շինիչ միտքեր փոխանակելով,

Կռիւներէն փախչիլ՝ խաղաղութիւն սփռելով,

Փառամոլութիւնը վանել՝ մեր ոչնչութիւնը ճանչնալով,

Հպարտութիւնը մէկդի դնել՝ խոնարհութեամբ մեր կեանքը վարելով,

Գայթակղութիւնը խափանել՝ բարի օրինակ տալով,

Ատելութիւնը մեր սրտէն հանել՝ սէր տածելով,

Գժտութիւնը մոռնալ՝ հաշտութեան հետամտելով,

Պառակտումի որոմը արմատախիլ ընել՝ միութեան սերմը ցանելով,

Անիրաւութեան դէմ դնել՝ արդարութեան նպաստելով,

Վրէժխնդրութեան ոգին մարել՝ ներողամտութեան զգացումը արծարծելով,

Խստասրտութեան փոխարէն՝ բարեգթութիւն յայտնելով,

Դրամապաշտութենէն ձերբազատիլ՝ աղքատին ու կարիքաւորին օգնելով,

Տիրոջմէ մեղքերու թողութիւն խնդրել՝ Աստուածամօր բարեխօսութեան դիմելով,

Աստուծոյ ողորմութիւնը հայցել՝ մերձաւորին հետ ողորմութեամբ վարուելով:

Պատրաստեց` Հայր Գէորգ Վրդ Զապարեան








All the contents on this site are copyrighted ©.