ՄԱԿ-ի փախստականներու բարձրագոյն յանձնաժողովը (UNHCR) Թուրքիոյ կոչ ըրած է բանալու իր սահմանային անցակէտերը Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն գաղթող փախստականներուն առջեւ, կը գրէ Ermenihaber.am-ը:
Ըստ թրքական «Hurriyet» պարբերականի` նման կոչով հանդէս եկած է ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի խօսնակ Ուիլեամ Սփինտլերը` ըսելով. «Տեղեակ ենք, որ Թուրքիան ընդունած է ծանր կացութեան մէջ յայտնուած շատ փախստականներու: Սակայն դեռեւս կան մեծ թիւով փախստականներ, որոնց թոյլ չի տրուիր անցնելու սահմանը: Կոչ կ’ընենք Թուրքիոյ բանալու իր սահմանները պատերազմէն փախած եւ միջազգային հովանաւորութեան կարիք ունեցող սուրիացիներու առջեւ»:
Նախապէս Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովին մէջ (ԹԱՄԺ-TBMM) վարչապետ Ահմէթ Տաւութօղլուն յայտարարած էր, որ յառաջիկային երկիր մուտք գործելու հնարաւորութիւն կը ստանան եւս 70 հազար փախստականներ
All the contents on this site are copyrighted ©. |