2016-02-10 09:37:00

Գերապայծառ Զենարի ''Գաղթականներու կարաւաններու դիմաց աշխարհը իր կարելին թող ընէ''։


(Ռատիօ Վատիկան)  ''Սուրիոյ մէջ կացութիւնը կը մնայ ողբալի, հազարաւոր մարդիկ շրջապատուած են ու սնունդէ զրկուած, այլ տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ ուղղուած են դէպի Թուրքիա̦ սակայն Անգարան կը թուի անզիջող ու իր սահմանները փակ կը պահէ հակառակ ՄԱԿի գաղթականութեան տեսուչի կոչին` Հալէպէն արտահան եղած աւելի քան 30 հազար սուրիացի գաղթականներուն դիմաց բանալու սահմանները եւ օգնութիւն տալու անոնց'' ըսաւ գերապայծառ Մարիօ Զենարի` առաքելական դեսպանը Սուրիոյ մօտ իր մտահոգութիւնը յայտնելով Սուրիոյ ներկայ կացութեան մասին։

Նորին Սրբութիւնը եւս անցեալ Կիրակի օր ակնարկեց Սուրիոյ սարսափելի ընդհարումի մասին ու կոչ ըրաւ միջազգային հասարակութեան վերջ տալու այս եղբայրասպան տագնապին ինչպէս նաեւ կոչ ըրաւ զօրակցութիւն ցուցաբերելու Սուրիոյ ժողովուրդին։

Յոյսով եմ որ ՄԱԿի յատուկ նուիրակը կարողանայ կլոր բանակցութիւնները ի գործ դնել ոչ միայն խօսքով այլ գործով - ըսած է Գերապայծառ Զենարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.