2016-02-09 11:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապ բացումը կը կատարէ պահքի շրջանի''Keep lent'' համացանցային ծրագրին


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 10 փետրուարին, Լատինաց ծէսի համաձայն օր մոխրոց է։

Իտալիոյ Փոմփէի  թեմի պատկան երիտասարդաց հովուական ծառայութիւնը սկիզբ կու տայ  քառասնորդաց պահքի շրջանի ՝ ՝Keep Lent՝՝ համացանցային ծրագրին, որ օգտագործելով Telegram ցանցային  ծրագիրը,  ամէն օր պիտի հրատարակէ օրուան Աւետարանական հատուածը ու  անոր 1.30 վայրկեան տեւողութեամբ ընկերացող ձայնագրուած մեկնաբանութիւն մը։

Քառասնորդաց շրջանի լոյս տեսնող Keep Lent ծրագրին, առաջին աւետարանական մեկնաբանութիւնը պիտի կատարէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, չորեքշաբթի 10 փետրուարին առաւօտեան։

Ծրագրին  յաջորդ աւետարանական մեկնաբանութիւնները պարբերաբար պիտի կատարեն՝ Քահանաներ, Ացիոնթէ Քաթթոլիքա եկեղեցական շարժումի պատասխանատուներ եւ կրօնուսոյցներ։ Իսկ կիրակնօրեայ Աւետարանական  խորհրդածութիւն պիտի կատարէ Փոփմէի թեմի առաջնորդ՝ գերապայծառ Թոմմազօ Քափութօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.