2016-02-09 09:42:00

Մոսկուայի ու Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքի այցելութիւնը Հապանա` Քուպայի մայրաքաղաքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Քիրիլ Պատրիարք` որպէս Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ պատրիարք առաջին անգամուան համար պաշտօնական այցելութիւն կը կատարէ Լատին Ամերիկա ուր յաջորդաբար այցելութիւն կը կատարէ Քուպա, Պրազիլ ու Փարակուէյը։

Փետրուար 11-ին, կարդինալ Քիւրդ Քոխը եիս`նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, Քիրիլ պատրոարքի այցելութեան առթիւ, Քուպա կը ժամանէ, ընկերակցութեամբ հայր Hyacinthe Destivelle-ին`  օրթոտոքս եկեղեցիներու համամիութենական հարցերու վերոնշեալ խորհուրդի խորհրդատու։

Նշենք որ 12 Փետրուարին Քուպայի մայրաքաղաքի օդակայանին մէջ տեղի պիտի ունենայ պատմական հանդիպումը ընդմէջ ֆրանչիսկոս Պապի ու Քիրիլ պատրիարքի։

Կարդինալ Փօլ Փուփառի գնահատումով Պապն ու Մոսկուայի պատրիարքը լաւապէս ըմբռնած են իրենց եկեղեցիներու պատասխանատուութիւնը` Քրիստոսի Աւետարանը հաղորդելու բոլոր մարդոց։ Այս հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ մինչ երկու Հայրապետները հովուական այցելութիւն կը կատարեն։ Անոնք միասին կը գտնուին Քրիստոսի հաւատքը քարոզելու և իրենց ոյժերը միացնելու` ի սպաս այն քրիստոնեաներուն որոնք ողբերգական կացութեան մէջ կը գտնուին։ Անոնց խօսակցութիւնը պիտի կեդրոնանայ Միջին Արեւելքի ու Ափրիկէի քրիստոնեաներու ցաւալի կացութեան մասին։

ֆրանչիսկոս Պապը յաճախ կը խօսի ''արեան համամիութեան'' մասին։

Ռուսիոյ կաթողիկէները յոյսով են որ երկու հայրապետներու հանդիպումը պիտի սատարէ միացնելու ոյժերը` պահպանելու քրիստոնեաները հալածանքէն ու ցեղասպանութենէն։

Քուպայի պատմական հանդիպումը կու գայ պատշաճ ժամանակի մը մէջ ուր Կ﹒Պոլսոյ ու Մոսկուայի յարաբերութիւնները բարւոքում արձանագրած են։ Այնպէս ինչպէս Պենետիկտոս ԺԶ Պապի քահանայապետութեան ընթացքին Հռոմի ու Մոսկուայի միջեւ  մօտեցումի մեծ քայլեր արձանագրուեցան։








All the contents on this site are copyrighted ©.