2016-02-09 09:45:00

Չինացի կաթողիկէներու ամանորը Ողորմութեան նշանով։


(Ռատիօ Վատիկան)  ''Որքան գեղեցիկ է կաթողիկէ ըլլալ'' հիացումով արտայայտուած   է Փեքինէն տիկին մը որ քահանայի մը կ՛ընկերանար հիւանդներու այցելութեան ընթացքին, Փեքինի մէկ հիւանդանոցի մը մէջ։

Երկուշաբթի 8 Փետրուարին Չինաստանը տօնեց ամանորը բացումը կատարելով կապիկի տարիին։

Չինաստանի կաթողիկէները ամանորը տօնեցին սիրոյ ու ողորմութեան նշանով, բարեսիրական գործեր կատարելով` Յիսուսին սէրն ու խաղաղութիւնը տանելով հիւանդներուն, ծերերուն, առանձին ապրողներուն, անկարներուն ու կարիքաւորներուն, Ողորմութեան տարին ապրելով ֆրանչիսկոս Պապին ցուցմունքներու համաձայն։

Մինչ Wen Zhou հասարակութիւնը նախընտրեց իր առաքելութիւնը կատարել համալսարանականներու հետ հրաւիրելով զանոնք ապրիլ Ողորմութեան տարին։ Աւելի քան 230 համալսարանականներ ուզեցին Յիսուսի հետ ապրիլ ամանորը` աղօթքով, հասարակաց ժամանակ մը ապրելով եղբայրական մթնոլորտին մէջ և խորհրդածելով քրիստոնէական իրենց կոչումին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.