2016-02-08 10:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 8 Փետրուարի թուիթն ու գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 8 փետրուար 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրատարակեց թուիթ մը որուն մէջ բացայայտեց թէ Սուրբ Դռնէն անցնիլը կը նշանակէ վերագտնել Աստուծոյ ողորմութեան խորութիւնը։

Թուիթին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ գրեց ''Սուրբ Դուռէն մտնելը կը նշանակէ վերագտնել Աստուծոյ ողորմութեան խորութիւնը, որ անձնապէս կը փնտռէ իւրաքանչիւրը''։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապ այսօր` 8 փետրուարին եւ վաղը` 9 փետրուարին կը մասնակցի, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցող Քահանայապետի անմիջական խորհրդատու եւ օգնական Ինը կարդինալներու 13-րդ նիստին։








All the contents on this site are copyrighted ©.