2016-02-08 10:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական հեռագիրը` Թայուանի երկրաշարժին ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 7 փետրուարին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանիչկսոս Պապի հեռագիր մը ուղղեց Թայուան  քաղաքը հարուածող ուժգին երկրաշարժին ի լուր, որուն  պատճառով զոհուած են 34 անձ եւ աւելի քան 120 վիրաւորներ։

Հեռագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը խորին ցաւակցութիւնը յայտնած է զոհերու ընտանիքներուն ապա   աջակցութիւն յայտնած է շտապ օգնութեան հասնող կամաւորներուն ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն։

Հեռագիրի աւարտին Ֆրանչիկսոս Պապ  Աստուծոյ ողորմածութիւնն ու մխիթարութիւնն   հայցած է  ողբերգութեան մէջ գտնուողներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.