2016-02-08 11:00:00

Քեսապի մէջ հանդիսաւոր շուքով նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնը


Երկար տարիներէ ի վեր Քեսապի 3 յարանուանութիւնները միասին կը տօնեն Վարդանանքը:

Այս տարի եւս անոնք, հակառակ երկրէն բերս տիրող պատերազմական վիճակին, անխոնջ կամքով, միասնական ոգիով ոգեկոչեցին Սրբոց Վարդանանց նահատակներու յիշատակը։

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 4 Փետրուար 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:

Կիրարկուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն մէջ Քեսապի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը մեկնաբանեց Վարդանանց զօրավարներուն նուիրուած փունջ մը երգեր:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ՝ Գերշ. Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան:
Օրուան բանախօսն էր Կարօ Մանճիկեան, որ անդրադարձաւ Վարդանանցի խորհուրդին։
Բանախօսը նշեց, թէ Վարդանանց պատերազմը վերջ չգտաւ Աւարայրի ճակատամարտով, այլ շարունակուեցաւ Վահան Մամիկոնեանի օրով, հասնելով մինչեւ Նուարսակի դաշնագիր: Աւելին. ան շարունակուեցաւ մինչեւ 19-րդ և 20-րդ դար՝ հայ ազատագրական պայքար, Մայիսեան յաղթական մարտեր, Արցախի ազատագրական պայքար։ Ան կը շարունակուի ցայսօր, և պիտի շարունակուի այնքան ատեն, որ գոյութիւն ունին յազկերտներ, համիտներ, թալիաթներ, էրտողաններ…։

Իսկ մենք պիտի շարունակենք դիմադրել՝ հասնելու Վահանեանց յաղթանակներուն…։

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Տէր Նարեկ Քհնյ. Զերենցեան, որմէ ետք ան «Պահպանիչ» աղօթքով աւարտեց հանդիսութիւնը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.