2016-02-08 10:00:00

''Ողորմութեան առաքեալներու'' իրաւասութիւն արձակելու Ս﹒ Աթոռին վերապահուած մեղքերը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 10 Փետրուարին, Մոխրոց օր ըստ լատինաց, Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ս﹒ Պատարագ եւ ապա մոխիրներու օրհնութիւն ու հաւատացեալներու գլխուն պիտի սրսկուի մոխիրը ըսելով ''յիշէ ով մարդ` թէ հող էիր եւ հող դարձիս'' հրաւիրելով զանոնք ծոմապահութեան ու ապաշխարութեան` քառասնորդացի շրջանին։

Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կարգ մը քահանաներուն պաշտօն պիտի տայ ըլլալու Աստուծոյ ողորմութեան վկաները իրենց տեղական եկեղեցիներուն մէջ` Սուրբ Աթոռին վերապահուած մեղքերու արձակում շնորհելով մեղաւորներուն։

Աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած 1000 ողորմութեան առաքեալները, 9 Փետրուարին` յատուկ ունկնդրութիւն պիտի ունենան Սրբազան Պապին հետ իսկ 10 Փետրուարին համապատարագ  պիտի մատուցանեն անոր հետ եւ պիտի ընդունին հրանմանը խոստովանցնելու ու արձակում տալու նոյն իսկ այն մեղքերը որոնց արձակումի իրաւասութիւնը վերապահուած է Ս﹒ Աթոռին։

Յայտնենք թէ վերոյիշեալ հարցերու իրաւունք շնորհելը վերապահուած է միայն Սրբազան Քահանայապետին եւ ոչ թէ եպիսկոպոսներուն։

Սուրբ Աթոռին արձակումին վերապահուած Մեղքերը ըստ Եկեղեցական Կանոնագիրքին հինգ են։

- Սուրբ Հաղորդութեան սրբապղծութիւնը

- Մարմնական բռնութիւն Քահանայապետին դէմ

- Եպիսկոպոսական օծում առանց Քահանայապետական հաւանականութեան

- Քահանայի մը` վեցերորդ պատուիրանի դէմ գործուած մեղսակիցին, մեղքի արձակումը

- Խոստովնանքի գաղտնիքի խախատումը








All the contents on this site are copyrighted ©.