2016-02-07 12:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրիոյ ի սպաս կոչը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 7 փետրուար 2016-ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը, նախ քան ողջոյնի խօսք ուղղելը հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն, իր մտահոգութիւնը յայտնելով ի տես Սուրիոյ քաղաքացիական բնակչութեան ապրած ողբերգական իրավիճակին, որոնք թիրախ են բռնաբար հակամարտութիւններուն ու ստիպուած են թողուլ ամէն ինչ, խուսափելու համար պատերազմի սարսափներէն, Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ կոչ մը ուղղեց ու մաղթանք յայտնեց որ վեհանձն զօրակցութեամբ, օգնութիւն մատուցուի անոնց, ապահովելով այդ անձերու վերապրումը ու արժանապատուութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ապա կոչ ուղղեց Միջազգային հասարակութեան` որպէսզի ոչ մէկ ջանք խնայէ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ համախմբելու համար հակառակող կողմերը, ապա հաստատեց թէ ''հակամարտութեան միայն քաղաքական լուծում մը կարող է ապահովել հաշտութեան ու խաղաղութեան ապագայ մը, այդ սիրելի եւ ճմլուած երկրին, որուն համար բոլորդ կը հրաւիրեմ թախանձագին աղօթել''։

Սուրիոյ համար ուղղած կոչէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները նշեց թէ այսօր Իտալիոյ մէջ կը յիշատակուի ''կեանքի ի սպաս օրը'' ու մաղթանք յայտնեց որ իշխանութեան գլուխ, դաստիարակչական եւ ընկերային ասպարէզներու դերակատարները նորոգուած  յանձնառումով գործեն ի սպաս մարդկային կեանքին` սաղմէն մինչեւ բանական մահ։

Քահանայապետը ապա ակնարկեց ''մարդավաճառութեան  դէմ աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրուան'' որ պիտի նշուի վաղը, եւ մատնանշելով նոր ստրկութեան ձեւերուն` կոչ ուղղեց ''ամէն ջանք թափելու այս ամօթալի ոճիրը արմատախիլ ընելու համար։ Քահանայապետը մատնանշեց հուսկ  Չինական ամանորին. բարօրութեան եւ խաղաղութեան բարեմաղթութիւնները յայտնելով միլիոնաւոր այրերու եւ կիներու ու անոնց ընտանիքներուն, մաղթելով որ նոր տարին իր հետ բերէ կարեկցութեան, ողորմութեան եւ զօրակցութեան պտուղներ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  ի վերջոյ ողջունեց հրապարակը համախմբուած եւ զանազան երկիներէ ժամանած ուխտաւորները խնդրելով որ աղօթքով իրեն ընկերանան մի քանի օրէն Մեքսիքօ  կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան, ինչպէս նաեւ Հավանայի մէջ նախատեսուած իր ''եղբօր` Քիրիլ պատրիարքի հետ հանդիպումին համար, ապա հրաժեշտ առնելով բոլոր ներկաներէն բարի կիրակի մաղթեց բոլորին ու ինչպէս միշտ խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.