2016-02-06 09:31:00

Չինաստանի կառավարութիւնը դրականօրէն արձագանգած է Քահանայապետի ելոյթին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չինաստանի մասին “Asia Times” գործակալութեան հետ ունեցած մէկ ելոյթով  ֆրանչիսկոս Պապը իր մեծ հիացումը յայտնած էր Չինաստանի հանդէպ` անոր մեծ մշակոյթի եւ անհատնում իմաստութեան համար։  Սրբազան Պապը այդ առթիւ իր բարեմաղթութիւնները յայտնած էր չինացի ժողովուրդին ու նախագահ Xi Jinping-ին, Չինական ամանորին առթիւ որ այս տարի կը զուգադիպի 8 Փետրուարին և նուիրուած է կապիկին։

Փեքինի իշխանութիւնները անյապաղ դրականօրէն արձագանգած են ֆրանչիսկոս Պապին վերոնշեալ ասուլիսին։ Արտգործ նախարարութիւնը  ''յոյժ կարեւոր'' որակած է Պապին ասուլիսը եւ Չինական պաշտօնական մամուլը լայն տեղ տուած  Սրբազան Հօր ելոյթին։

Արտգործ նախարարութեան բանբերը այս առթիւ յայտնած է թէ ''չինական կառավարութեան կամքն է շինարար երկխօսութիւն հաստատել Վատիկանի հետ և Ս﹒ Աթոռէն կը սպասէ ճկուն ու գործնականապաշտ կեցուածք մը` բարւոքելու համար կապերը''։

"Global Times" համայնավար կուսակցութեան թերթի տնօրէն-խմբագիրի գնահատումով Պապին բարի դիտաւորութիւնները կը սատարեն հեշտ դարձնել Չինաստանի ու Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւնները։

"Ժողովուրդին Օրաթերթը" կը խնդակցի Պապին քաջալերանքին երկխօսութեան ու խաղաղութեան ի սպաս։ Օրաթերթը կը վերակոչէ Ս﹒ Աթոռին նպաստը դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատումին ԱՄՆի ու Գուպայի միջեւ։ Օրաթերթը ապա կը հաստատէ որ Չինաստանի ու Վատիկանի միջեւ մօտեցումը կ՛արտացոլէ բազմաթիւ չինացիներու իղձը։








All the contents on this site are copyrighted ©.