2016-02-06 09:17:00

Չինաստան 10 հազար Թոն սննդամթերք պիտի յատկացնէ Սուրիոյ


Չինաստան 10 հազար թոն սննդամթերք պիտի յատկացնէ Սուրիոյ փախստականներուն համար: Panorama.am-ը՝ վկայակոչելով «Ռիա նովոսթի»-ն՝ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը` ելոյթ ունենալով  Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած համաժողովի ժամանակ: Ան ըսած է, որ այն միջոցները կրնան օգնել երկրին մէջ մարդասիրական իրավիճակը լաւացնելուն:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարին խօսքով, Սուրիոյ մէջ մարդասիրական խնդիրներու լուծման համար անհրաժեշտ է ոչ միայն օգնութիւն ցուցաբերել, այլ նաեւ անոնց յառաջացման պատճառները հանել:

Երէկ Լոնտոնի մէջ վերջ գրաւ Սուրիոյ օգնութեան հարցով նուիրատուներու համաժողովը: Մասնակիցները պայմանաւորուած են հաւաքել աւելի քան 10 միլիառ տոլար սուրիացիներուն օգնելու համար, որմէ 6 միլիառը պիտի յատկացուի այս տարուան ընթացքին, եւս 5 միլիառ` մինչեւ 2020 թուականը:

Միջոցներուն մէկ մասը պիտի ուղղուի Սուրիոյ մարդասիրական օգնութեան, մէկ մասը` Սուրիոյ  եւ հարեւան երկիրներու զարգացման ուղղուած տարբեր ծրագիրներու իրականացման եւ այլ խնդիրներու լուծման համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.