2016-02-06 08:34:00

Քիրիլ պատրիարք. ''Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու արտաքսումը պատմական ողբերգութիւն է''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Միջին Արեւելքէն քրիստոնեաներու արտաքսումը իսլամ ահաբեկիչներու կողմէ մեծ ողբերգութիւն մըն է'' յայտարարած է Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքը Մոսկուայի մէջ գումարած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին ընթացքին։

Պատրիարքը մատնանշեց թէ ահաբեկիչները կրօնի անուան տակ հալածանք կը մղեն քրիստոնեաներու դէմ, ահ ու սարսափ սփռելով անոնց սրտին մէջ։ Պատրիարքը` Իսլամներու թիրախ այդ զոհերը­ որակեց ʺնահատակներ'' եւ կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան դադրեցնելու համար այդ սպանդը ու Սուրիոյ մէջ վերահաստատելու արդար խաղաղութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.