2016-02-06 08:40:00

Ողորմութեան Յոբելենական Տարին ''ժամանակակից ստրուկներու'' ազատագրումին ի խնդիր։


(Ռատիօ Վատիկան) 6 Փետրուար 2016-ին սկիզբ առին ''ժամանակակից ստրուկներու ազատագրումին Ողորմութեան Յոբելեանի'' տօնախմբութիւնները որոնք կ՛աւարտին 8 Փետրուարին` սրբուհի  Giuseppina Bakhita-ի տօնին օրը։

Տօնախմբութիւնները սկիզբ կ՛առնեն 6 Փետրուարի երեկոյեան, Յիսուսի ս﹒ սրտի պազիլիքայի մէջ նախատեսուած աղօթքի հսկումով։ 7 Փետրուարի առաւօտեան` Սուրբ Հոգւոյ նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, որ է նաեւ սրբավայրը Աստուածային Ողորմութեան, տեղի կ՛ունենայ սուրբ պատարագ հուսկ` կէսօրին, Յոբելենական տարւոյն մասնակցողները կը համախմբուին ս﹒ Պետրոսի հրապարակին վրայ մասնակցելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին եւ օրհնութեան։  8 Փետրուարին` սրբուհի Պախիդայի տօնին օրը, մատուցուած սուրբ պատարագներն ու աղօթքները պիտի նուիրուին  ''ժամանակակից ստրուկներու'' ազատագրումի դիտաւորութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.