2016-02-05 13:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 5 փետրուարի քարոզը ''Աստուած կը սիրէ հեզութիւնը''


(Ռատիօ Վատիկան)  Ուրբաթ, 5 փետրուարի առաւօտեան, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր  արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուայ աւետարանական ընթերցումին վրայ, ուր կը խօսուի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի գլխատման մասին։

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ Սուրբ  Յովհաննէս Մկրտիչ,  կնոջմէ ծնած ամենէն մեծ մարդն ու Սուրբն է  եւ այս մէկը ըսած է  Յիսուս ոչ թէ Քահանայապետ մը։ Ան՝ ոչ միայն ֆիզիքական չարչարանք կրեց  այլ նաեւ հոգեկան անձկութիւն եւ մտավախութիւն, նոյնիսկ իր կեանքի վերջին պահուն  կասկածներ ունեցաւ Յիսուսի նկատմամբ, եթէ ան ճշմարիտ մարգարէն ըլլար։

''Այսպէս վերջ գտաւ մարգարէներու շարքին,  կնոջմէ ծնած ամենամեծ մարդուն Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի կեանքը, որ երբեք չի փնտռեց իր անձնական փառքը, մեռաւ՝ տառապանքի եւ անձկութեան մէջ եւ այս ձեւով պատրաստեց Յիսուսի Ճանապարհը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու Քարոզի աւարտին խնդրեց, որ Տիրոջմէ հայցենք Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի  ունեցած հեզութեան շնորհքը,  ուրիշներուն արժանիքները մեզի չի վերագրելու շնորհքը, ինչպէս նաեւ   մեր կեանքին մէջ Յիսուսի տեղ տրամադրելու շնորհքը. որպէսզի Ան  միշտ բարձրանայ եւ մենք ստորադասուինք։








All the contents on this site are copyrighted ©.