2016-02-05 15:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական 12-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը Մեքսիքօ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 5 փետրուար 2016-ին, Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, կը ներկայացուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  12-րդ միջազգային առաքելական այցելութիւնը, զոր նախատեսուած է 12-18 Փետրուար դէպի Մեքսիքօ։

Սոյն ճամբորդութեան յայտարարութիւնը ըրած էր նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը անցեալ 12 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ Կուատալուփի Տիրամօր տօնին առթիւ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին ընդգծելով թէ 2016-ի Փետրուարին պիտի այցելէ Մեքսիքոյի Կուատալուփի Տիրամօր Սրբավայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան կարգախօսն է ''Խաղաղութեան եւ Ողորմութեան պատգամաւոր''։  

Սրբազան Քահանայապետի սոյն այցելութիւնը պիտի յատկանշուի բնիկներու, գաղթականներու եւ բանտարկեալներու հետ հանդիպումներով։ Նորին Սրբութեան ճամբորդութեան յայտագիրը կը նախատեսէ ընթանալ երկրի Հարաւէն դէպի Հիւսիս` հետեւելով ԱՄՆ գաղթող` գաղթականներու ճանապարհին։

Արդարեւ Ֆրանչիսկոս Պապ իր այս 12-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը պիտի փակէ ''Ciudad Juarez'' ԱՄՆի սահմանակից քաղաքին մէջ։

Մեքսիքոյի այս ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին չորրորդ ճամբորդութիւնը ամերիկեան ցամաքամաս, յետ Պրազիլի (Յուլիս 2013), Էկուատոր, Պոլիվիա, Փարակուէի (Յուլիս 2015), Քուպա եւ ԱՄՆ (Սեպտեմբեր 2015)։

Սրբազան Քահանայապետը` Մեքսիքոյի մէջ յաջորդաբար պիտի այցելէ`  Mexico, Ecatepec, Tuxtla Gutiérrez, San Cristóbal de Las Casas, Morelia եւ Ciudad Juárez քաղաքները։

Նշենք թէ այս 7-րդ անգամն է որ Քահանայապետ մը կ`այցելէ Մեքսիքան յետ ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի 5 ճամբորդութիւններուն ու Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի մէկ ճամբորդութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.