2016-02-05 13:21:00

Վարդանանց տօնը Մեսրոպեան վարժարանին մէջ ՝՝Չփախչիլ աւարայրէն՝՝


Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը, աւանդական դարձած շուքով, կազմակերպուածութեամբ եւ խանդավառութեամբ, այս տարի եւս նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը, որուն նուիրուած տեղի ունեցան երկու առանձին հանդիսութիւններ, 3 Փետրուար 2016-ին, ՀԿՄ Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ: Մեսրոպեանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերու անդամներուն հետ, հանդիսութիւններուն ներկայ եղան Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Պերճ վրդ. Սապէ, փոխ-ժողովրդապետներ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան եւ Հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեան եւ Հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան (տեսուչ՝ Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի Դպրեվանքի):

Զոյգ հանդիսութիւններուն, Մեսրոպեանի աշակերտները, երգի, պարի, նուագի, ասմունքի եւ թատերական ու մարմնամարզական պատկերներու անհատական թէ խմբային կատարումներով ոգեկոչեցին ու փառաւորեցին Աւարայրի հերոսներուն յիշատակը: Կատարումները յատկանշուեցան անմիջականութեամբ եւ բծախնդիր պատրաստութեամբ, որուն ի խնդիր նաեւ պատասխանատու ուսուցիչներուն կատարած աշխատանքը ակներեւ դարձաւ: Բացման խօսքերով հանդէս եկած աշակերտները ամբողջ աշակերտութեան անունով վերահաստատեցին Վարդանանց Ուխտին իրենց հաւատարմութիւնը եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին վասն կրօնին եւ հայրենիքին իրենց կեանքը զոհած քաջերուն:  Ընդհանուր հաշւով, ներկայացուեցան Վարդանանց խորհուրդին նուիրուած վեց ասմունք, թատերական չորս պատկերներ, մէկ տեսերիզ, մէկ նուագ եւ չորս երգեր՝ կատարողութեամբ վարժարանի “Ծիծեռնակ” երգչախումբին, ղեկավարութեամբ պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի: Երկրորդական բաժնին յատուկ հանդիսութեան ներկայացուեցաւ «Աւարայրի տեսիլք» թատերգութիւնը (հեղինակ եւ բեմադրիչ Յարութ Հարպոյեան), մասնակցութեամբ վարժարանիս «Շուշի» պարախումբին:

Հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեան նախակրթարանի աշակերտներուն համար նախատեսուած իր բանախօսութիւնը վերածեց երկխօսութեան: Բեմէն սրահ ուղղած իր հարցումներէն ստացած պատասխաններով, գերապատիւ վարդապետը աշակերտներուն բերնով հնչեցուց այն հիմնական գաղափարները, որոնք կը յատկանշեն Աւարայրի սխրանքը: Աշակերտներուն մասնակցութեամբ, ան ցոյց տուաւ Աւարայրի երեք առանցքային կերպարները՝ Վարդան Մամիկոնեան, Ղեւոնդ Երէց եւ Վասակ Սիւնի, որոնք մեր պատմութեան մէջ դարձան խորհրդանիշներ յաջորդաբար հայրենասիրութեան եւ հաւատասիրութեան, իսկ վերջինը՝ դաւաճանութեան:

Հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան, իր հերթին, Երկրորդական բաժնի աշակերտներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ անհրաժեշտ համարեց հպարտօրէն կառչած մնալ ազգային եւ կրօնական մեր ինքնութեան եւ հայ մշակոյթը տարածողն ու պաշտպանողը ըլլալ մեր ապրած միջավայրերուն մէջ: Ան խրախուսեց աշակերտները քաջաբար դիմագրաւելու կեանքի մարտահրաւէրները եւ անձնական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ պատրաստ ըլլալու կերտելու յաջողութիւններ ու յաղթանակներ՝ բազուկով թէ միտքով:

Զոյգ հանդիսութիւններուն եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Ան բացատրեց բեմի պաստառին վրայ երեւցող՝ “Չփախչիլ Աւարայրէն” նշանաբանին իմաստը, դիտել տալով, որ հայ ազգային ինքնութեան պահպանումը, իր ամէն մէկ դրսեւորման մէջ, ինքնին աւարայրեան ճակատամարտ մըն է, որուն միջնաբերդերը, մանաւանդ Հայ Սփիւռքին մէջ, կը շարունակեն մնալ հայ դպրոցն ու հայ եկեղեցին:

Վարդանանց տօնը նշուեցաւ նաեւ Մեսրոպեան մանկապարտէզին եւ մանկամսուրին մէջ, փոքրերուն համապատասխան աշխատանքներով:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 








All the contents on this site are copyrighted ©.