2016-02-05 09:19:00

Սուրբ Փիոյի եւ Սուրբ Մանտիչի անապական մարմինները` Սուրբ Պետրոս կը ժամանեն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն ծիրէն  ներս` Փիեթրալչինայի Սուրբ Փիոյի-ի եւ Սուրբ Լէոփոլտօ Մանտիչի անապական մարմինները, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կամքով, 5 –էն 11 Փետրուար կը զետեղուին Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ, հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու մեծարանքի արժանանալու համար։

Վերոնշեալ երկու սուրբերու առաջնահերթ առաքելութիւնը եղած է ըլլալ` հօր նման ողորմած ու իրենց կեանքը նուիրած են ապաշխարութեան խորհուրդի մատակարարումին։ ։

Հայր Փիօ Տա  Փիեթրալչինա որ ճանչցուած է նաեւ որպէս ''Padre Pio'', ծնած է  Փիեթրալչինա` 25 մայիս 1887-ին  և վախճանած է ''San Giovanni Rotondo''-ի մէջ` 23 Սեպտեմբեր 1968-ին։ Ան Եղած է կուսակրօն քահանայ մը, անդամ ֆրանչիսկեան միաբանութեան։

 Հայր Փիօ Տա  Փիեթրալչինա եղած է խոր հաւատքով կրօնաւոր մը եւ հռչակաւոր խոստովանահայր։ Իր սրբակենցաղ օրինակով դարձի բերած է բազմաթիւ հաւատացեալներ։ Իր կենդանութեան տարիներուն ան իր մարմնոյն վրայ կրած է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչի վէրքերը։ Փատրէ Փիոն մեծապէս յարգուած էր տեղացի ու միջազգային հանրութենէն ու Եկեղեցւոյ կողմէն ճանչցուած որպէս հրաշագործ։

2 Մայիս 1990-ին Padre Pio-ն Եկեղեցւոյ կողմէ կը հռչակուի Երանելի եւ 16 Յունիս 2002-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, զայն  կը բարձրացնէ խորաններու պատուոյն։ Անոր տօնը կը յիշատակուի 23 Սեպտեմբերին, անոր մահուան տարեդարձին օրը։

 

Սուրբ Լէփոլտօ Մանտիչը ծնած է Castelnuovo di Cattaro` 12 Մայիս 1866։ Յաճախելով ֆրանչիսկեան հայրերու ժողովրդապետութիւնը, 18 տարեկանին` 2 Մայիս 1884-ին կ՛անցնի Իտալիոյ Պասսանօ Տէլ Կրափայի վանքը, ուր ֆրանչիսկեան սքեմը կը զգենու խոստանալով ապրիլ ֆրանչիսկեան հոգեւորութիւնը։

1885-1890 իմաստասիրական ու աստուածաբանական ուսումները կը կատարէ նախ Փատովայի մէջ  ապա Վենետիկ։ Այդ տարիներու ընթացքին ան կը խորացնէ Ս. Գիրքի ու հայրաբանութեան իր գիտութիւնը։ 20 Սեպտեմբեր 1890-ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի։

Բաց միտք ունենալով հայր Լէփոլտօ Մանտիչը կը նուիրուի արեւելեան եկեղեցիներու ճանաչումին եւ քոյր եկեղեցիներու հետ երկխօսութեան զարգացումին։ Ան մեծ բաղձանք ունէր առաքելութեան երթալու, սակայն իր վատառողջութեան հետեւանքով անոր մեծաւորները զինք կը կոչեն ծառայելու Վենետիկի վանքին մէջ ուր կը նուիրուի խոստովանանքի առաքելութեան եւ այլ համեստ գործերու։

1906-1909  Փատովաայի մէջ կը  պաշտօնավարէ որպէս խոստովանահայր ու հայրաբանութեան դասատու դպրեվանքի ժառանգաւորներուն։ 1914էն սկսեալ, 40 տարեկանին, անոր կը տրուի խոստովանահայրութիւն կատարելու պաշտօնը։ Հայր  Լէփոլտոյի հոգեւոր տուրքերը հանրածանօթ կը դառնան հաւատացեալներուն եւ անոր համբաւը այնքան կը տարածուի որ Իտալիոյ այլ քաղաքներէն հաւատացեալները կու գային անոր մօտ,  խոստովանելու ու անոր հայրական խրատները ունկնդրելու համար։           

Հայր Լէոփոլտօ Մանտիչ 50 տարիներու առաքելութենէ ետք հոգին կ՛աւանդէ` 30 Յուլիս 1942-ին սուրբի համբաւով։ 1963-ին անոր աճիւնները քաղաքի գերեզմանատունէն կը փոխադրուին ֆրանչիսկեաններու ս. խաչ եկեղեցի։

Պօղոս Զ Պապը Լէոփոլտօ Մանտիչը երանելի հռչակեց 1 մարտ 1974-ին իսկ ՅՊԲ Պապը` 16 Հոկտեմբեր 1983-ին խորաններու պատուոյն բարձրացուց զայն, զայն որակելով  խոստովանահայրերու տիպար։

ՅՊԲ Պապը հայր Լէոփոլտօ Մանտիչի սրբադասումի քարոզին ըսաւ ''Անոր մեծութիւնը կը կայանար խոստովանարան նստելու մէջ, անշուք կեանք մը ապրեցաւ լայն տեղ տալով Աստուծոյ փառքին ու պայծառութեան''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.