2016-02-05 10:44:00

Հայաստանի մէջ քաղցկեղ ունեցող 8500 հիւանդ կայ


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 4 Փետրուարի դրութեամբ Հայաստանի մէջ կայ քաղցկեղ ունեցող շուրջ 8500 արձանագրուած հիւանդ՝ 2000ով աւելի, քան 2005ին: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին տեղեկացուցած է Ֆանարջեանի անուան Ուռուցքաբանութեան կեդրոնի ընդհանուր ուռուցքաբանութեան բաժինի վարիչ Ռաֆայէլ Սարգսեան։

Անոր համաձայն՝ Հայաստանի տղամարդոց մօտ քաղցկեղի ամէնէն տարածուած տեսակը թոքերու քաղցկեղն է: Հետաքրքրական է, որ ուռուցքաբաններուն տուեալներով, քաղցկեղի այդ տեսակի դէպքերուն աւելի քան 70 տոկոսը ուղղակիօրէն կապուած է ծխելու հետ: Հետաքրքրական է նաեւ, որ Հայաստանի մէջ քաղցկեղի այդ տեսակէն մահացութիւնը եւս բաւական բարձր է: Կիներու պարագային ամէնէն տարածուածը կաթնագեղձի քաղցկեղն է, սակայն անկէ մահացութիւնը աւելի ցած է, քան թոքերու քաղցկեղէ:

Ռաֆայէլ Սարգսեանի տուեալներով՝ Հայաստանի մէջ քաղցկեղով հիւանդացման առաւել բարձր մակարդակ արձանագրուած է Լոռիի եւ Շիրակի մարզերուն մէջ, իսկ առաւել ցած՝ Երեւանի եւ Գեղարքունիքի մարզին մէջ: Մասնագէտները չեն կրնար ճշգրիտ կերպով ըսել, թէ այս երեւոյթը ի՛նչի կապուած է՝ նշելով, որ քաղցկեղը բազմաթիւ պատճառներ ունի՝ կենսոլորտային, ժառանգականութիւն, կենսակերպ եւ այլն:

Ռաֆայէլ Սարգսեան նշած է նաեւ, որ քաղցկեղով հիւանդներուն թիւը տարուէ տարի կ՛աւելնայ ինչպէս ամբողջ աշխարհի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ։ Աշխարհի մէջ, օրինակ, վերջին տարուան ընթացքին քաղցկեղ ունեցողներու մօտ 12.6  միլիոն նոր դէպք արձանագրուած

 








All the contents on this site are copyrighted ©.