2016-02-05 10:12:00

Կարդինալ Փարոլինը Տոպովայի գաղթականներուն կը փոխանցէ Քահանայապետին ողջոյնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Սլովենիա կատարած այցելութեան ծիրէն ներս Հինգշաբթի 4 Փետրուարին, այցելեց Սլովենիայի գաղթականներու Տոպովա ճամբարը հանդիպում ունենալով այնտեղ ապաստան գտած փախստականներուն հետ որոնք մեծամասնութեամբ Սուրիացի, Իրաքցի, Աֆղանիստանցի եւ Իրանցի ընտանիքներէ եւ անհատներէ կազմուած են։

Ծիրանաւորը բոլորին փոխանցեց Քահանայապետին յատուկ ողջոյնները։ Ան ապա վերահաստատեց զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը գաղթականութեան երեւոյթի հարցը դիմագրաւելու համար։ Կարդինալ Փարոլին ըսաւ. անհրաժեշտ է միասնաբար գործել, միացած, որովհետեւ առանձին ոչ մէկ բան կարելի է լուծել։

Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը ապա ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապին յանձնառումը ի սպաս գաղթականներուն ու անոր քաջալերանքը բոլոր անոնց որոնք գաղթականներու օգնութեան կը հասնին։ Եկեղեցին, ըսաւ Կարդինալը, կառավարութիւններուն թեխնիքական լուծումներ չի ներկայացներ այլ անոնց կը շնորհէ սկզբունքային ուղեցոյց մը որուն առաջինը զօրակցութիւնն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.