2016-02-05 09:14:00

Թուրքերը Իսլամիստներու հետ միասին թալանած են Սուրիոյ Հայկական եկեղեցիները:


Սուրիոյ Քեսապ գիւղի բնակիչները պատմած են տեղական եկեղեցիներուն մէջ թուրքերու կողմէ իրականացուած վանդալութեան մասին։ Այս մասին կը հաղորդէ Interfax Religion-ը:

«Քեսապի հայկական մշակութային (յատկապէս եկեղեցական) կեդրոնները շատ տուժած են իսլամիստներու եւ թուրքերու գործողութիւններէն: Երբ գիւղը ազատագրուելէն ետք եկայ` տեսայ երբեմնի ծաղկող եկեղեցւոյ մերկ պատերը միայն»,- Rossijskaya Gazeta daily–ին ըսած է տեղի հայ բողոքական եկեղեցւոյ պատուելի Ժիրայր Ղազարեանը:

Այլ քեսապցի մը` Յակոբը, ըսած է, որ գրոհայինները Քեսապի գրաւման այդ օրերուն ապրած են իր տան մէջ: «Թուրքիան մեծ դեր խաղցած է մեր տառապանքներուն մէջ: Երբ «Ճապհատ ալ Նուսրան» ներխուժեց Քեսապ, Թուրքիոյ  յատուկ ստորաբաժանումներու ամբողջ ջոկատներ՝ սալաֆիներու հետ միասին՝ նոյնպէս ներխուժեցին գիւղ: Տեղի պահապանները  բնակիչները փրկած են նոր հայկական ցեղասպանութենէ մը: Անոնք պայքար սկսած են հրոսակախումբերու դէմ, որ տեղացիներուն ժամանակ տուած է լքելու գիւղը: Սակայն, երբ թուրքերը գրաւեցին Քեսապը, անոնք այստեղ  բերին  իրենց հարեւան գիւղերու բնակիչները, որոնք մեր ունեցած բոլոր թանկարժէք իրերը դրին քարշակներու, սայլակներու վրայ եւ պարզապէս  «քշեցին» Թուրքիա»,- ըստ  Armradio.am-ի ըսած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.