2016-02-05 12:21:00

Աստուծոյ Ողորմածութիւնը, Ե. Եղիշէ, Մեկնութիւն Հայր Մերի


Ֆրանչիսկոս Պապ, հռչակելով յոբելինական բացառիկ տարին՝ զայն տրամադրեց Աստուծոյ ողորմութեան խորհուրդին։ Սրբազան Պապը կ’ուզէ՝ որ միշտ գիտակից ըլլանք, թէ Աստուծոյ ողորմածութիւնը անհուն է. եւ կը յորդորէ, որ քրիստոնեայ հաւատացեալը իր կեանքին մէջ ցուցաբերէ ողորմածութիւն։ Իր պատգամներուն եւ քարոզներուն մէջ Ֆրանչիսկոս քահանայապետ կրկին ու կրկին կը շեշտէ, թէ մենք եւս պէտք է ողորմած ըլլանք, ներենք իրարու, օգնենք կարիքաւորին եւ կարեկցինք տառապեալին։ Ան կը յիշեցնէ՝ թէ Աստուած մեր երկրագունդը օժտած է բազմաթիւ բարիքներով։ Մենք՝ Աստուծոյ զաւակներու գիտակցութեամբ պէտք է գործածենք այդ բարիքները եւ բաժնեկից դարձնենք բոլոր մարդիկ, եւ ոչ թէ կենդրոնացնենք զանոնք սակաւ մարդոց տրամադրութեան տակ։

Սրբազան Պապը իր յորդորներով մեզի կը փոխանցէ Ս. Աւետարանի պատգամը։ Յիսուս կը յայտնէ Աստուծոյ ողորմածութիւնը եւ կ’ուզէ, որ Իրեն հետեւող անհատը ըլլայ ողորմած՝ Երկնաւոր Հօր նման։ Յիսուս մեզի սորվեցուց նաեւ «Հայր Մեր» աղօթքը, որ ծանօթ է ամէն քրիստոնեայի։ Մեր դասական մատենագրութենէն Եղիշէ Վարդապետ, որ գրած է Վարդանանց պատերազմի պատմութիւնը, հեղինակ է նաեւ «Հայր Մեր» աղօթքի մեկնութեան մը, ուր կը խօսի Աստուծոյ ողորմածութեան մասին, մեզ յորդորելով՝ որ իբր Քրիստոսի հետեւորդներ, մենք եւս կատարենք ողորմութեան գործեր։

Եղիշէ Վարդապետ կը գրէ՝ «Որդիները Հօր կը դիմեն՝ որովհետեւ գութի կարօտը կը ստիպէ զանոնք, իսկ կարօտի կամքը՝ Հայրը կը տանի դէպի ողորմութիւն եւ գութ։ Հարկ է, որ որդիները ըլլան հօր կամքին համաձայն, իսկ Հայրը՝ որդիներու կամքին համաձայն՝ անոնց պէտքերը կը հոգայ եւ զանոնք Իր ամբողջ հարստութեան ժառանգորդ կը դարձնէ։

Երկնաւոր Հայրը գթաց, երկնքէն երկիր խոնարհեցաւ եւ բոլորը գտաւ հոսող արեան, կուռքերու պաշտամունքի մեռելոտի զոհերու մէջ։ Առաւ, լուաց, սրբեց, երկնաւոր զգեստ հագցուց եւ մօտեցուց նոյն որդեգրութեան։ Սորվեցուց հայրենի վարդապետութիւնը, որպէսզի դիմեն սիրելի երկնաւոր Հօր։ Յիսուս կ’ըսէ՝ երբ կ’աղօթէք, տղայաբար շատախօս մի՛ ըլլաք. Աստուած կը լսէ սրտի խորհուրդները, եւ բարի գործերուն փոխարէն բարին կը հատուցանէ։

’Թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց’։ Այս ճշմարիտ աղօթք է՝ բնական եւ գործնական. երբ դուն ընկերոջմէդ չես պահանջեր քեզի ունեցած պարտքը, այն ատեն Աստուած ալ կը ներէ քեզի քու բոլոր յանցանքներդ եւ քեզի անմեղութիւն կը շնորհէ։ Լսէ Պետրոսը՝ ինչպէս սորվեցաւ Տիրոջմէ. ան ուզեց եղբօր յանցանքերը եօթ անգամ ներել. մինչ Տէրը ըսաւ՝ եօթ անգամ եօթանասուն։ (հմմտ. Մտթ ԺԸ. 21-22) Պետրոս իբրեւ մարդ սահման դրաւ. իսկ մեր Տէրը՝ Իր Աստուածութեան բարերարութիւնը եւ մարդասիրութիւնը չսահմանափակեց ։

Մենք մեր խօսքով եւ գործով անընդհատ կը մեղանչենք, Աստուած կը տեսնէ եւ զանց կ’ընէ, որպէսզի իր երկայնմտութեամբ մեզ ապաշխարութեան դարձնէ։ Իսկ չմեղանչելը՝ մարդուն համար կարտարեալ արդարութիւն է։ Իսկ եթէ իբրեւ մարդ կը մեղանչէ, թող շտապէ զղջալ եւ ապաշխարել։ Բաց են Անոր ողորմութեան դռները, Ան զանոնք չի փակեր ապաշխարողներու դիմաց։ Մանաւանդ անոնք, ովքեր գիտեն հաւատքով խնդրել, կարող են նաեւ առաքինութեամբ ճգնիլ՝ հոգեւոր վաստակներու համար։ Անոնք ոչ միայն կը ներեն իրենց ընկերներուն պարտքերը՝ այլ նաեւ իրենց ստացուածքը կը բաշխեն աղքատներուն։ Աստուծոյ զօրութիւնն է, որ զանոնք դէպի առաքինութիւն կը ձգէ՝ ընելու ինչպէս առաջին քրիստոնեաները կ’ընէին՝ «անոնք որոնք գիւղերու, ագարակներու եւ ինչքերու տէր էին, կը վաճառէին ատոնք եւ վաճառուածի գումարը կը բերէին դնէին առաքեալներու ոտքերուն առաջ»։ (Գործք Դ. 34-35)

Մեր Տէրը զանոնք ուղարկեց՝ խօսքը քարոզելու, եւ անոնք կը քարոզէին խօսքը եւ կը մատակարարէին ինչքերը։ Խօսքի ձայնը կը հասնի ականջին, բայց Երկնաւորին սէրը առա՛նց խօսքի կը սորվեցնէ առատաձեռնութիւն։ Անոնք կու տային՝ ոչ թէ որովհետեւ կը կամենային աղքատանալ, այլ հասնելու երկնաւոր մեծութեան։ Եւ դուն՝ երբ կը ներես քու ընկերոջդ պարտքերը, ոչ թէ ատելով կ’ատես քու ստացուածքդ, այլ քու ըրած սակաւ ողորմութեամբ Աստուած կը ներէ քեզի քու բազում պարտքերդ, որ ունէիր։ Հետեւէ այս խօսքերուն. երբ քու ընկերոջ ներես, դու նոյնպէս արժանի կʼըլլաս ներումի։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.