2016-02-05 10:37:00

Ցեղասպանութեան ճանաչման պատճառով տուն կանչուած Թուրքիոյ դեսպանը Վատիկան վերադարձաւ։


Թուրքիոյ կառավարութիւնը որոշած է Վատիկան վերադարձնել իր դեսպանը, որ 10 ամիս առաջ տուն կանչուեցաւ՝ իբրեւ բողոք Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս որոշումը կապած է Փետրուար 3ին վատիկանի կողմէ հրատարակուած յայտարարութեան մը, որ Թուրքիոյ մամուլին կողմէ մեկնաբանուած է իբրեւ «նահանջ»։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան այս մասին ըսած է. «Թուրքական այն տեղեկատուութիւնը, թէ Վատիկանը ետքայլ է կատարած Պապի ապրիլեան ուղերձից, ամբողջութեամբ կեղծ է»:

Պապը իր յայտարարութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը որակած է «1915ի ողբերգական իրադարձութիւնները» եւ ըսած է, որ հակառակ անցեալի դառն յիշողութիւններուն, անհրաժեշտ է գիտական ուսումնասիրութիւն մը կատարել, հասարակաց ու ընդունելի ճշմարտութիւն մը գտնելու նպատակով։ Այս ուղղութեամբ, ան գովելի գտած է պատմաբաններու առջեւ իր բոլոր արխիւները բանալու Թուրքիոյ ջանքերը։

Վատիկանին կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ յիշուած է նաեւ 1977ի Յունիսին ԱՍԱԼԱի կողմէ սպաննուած Վատիկանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Թահա Ճարըմը, ու այս սպանութիւնը անցեալի դառնութեանց իբրեւ օրինակ կը նշուի։

Վատիկանի բանբեր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, պատասխանելով այս առթիւ Թուրքիոյ մամլոյ ներկայացուցիչներու հարցումներուն՝ ըսաւ, որ պապը իրեն փոխանցած է, թէ ինք թուրք ժողովուրդը կը սիրէ ու կը գնահատէ։ Նշենք, որ Թուրքիա անցեալ տարի Ցեղասպանութեան մասին պապի յայտարարութենէն ետք, Վատիկանի հետ իր յարաբերութիւնները նուազեցուցած էր գործակատարի մակարդակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.