2016-02-04 12:26:00

ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Scholas Occurrentes-ի հաստատութեան անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Դաստիարակութեան արժէքը անհատին ներդաշնակութեան ի սպաս''։ Այս եղաւ ֆրանչիսկոս Պապին խորհրդածութեան առանցքը Scholas Occurrentes-ի աշակերտութեան հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, չորեքշաբթի 3 Փետրուար 2016-ի յետմիջօրէին։

Նշենք որ Scholas Occurrentes-ը դպրոցներու միջազգային ցանց մըն է ծնունդ առաւ Արժանթինի  մայրաքաղաք` Պուէնոս-Այրէսի մէջ երբ Ֆրանչիսկոս Պապ` երբեմնի կարդինալ Պերկոլիօ, թեմին առաջնորդն էր։ Նախաձեռնութեան կէտ նպատակն է դաստիարակել նոր սերունդը մարզանքի, գիտութեան եւ արհեստավարժութեան միջոցաւ։

'Ներդաշնակութիւն'' ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ամենէն աւելի ընդգծուած  բառերէն մին  է, որովհետեւ երբ կը խօսուի դաստիարակութեան մասին, պէտք է խօսուի անհատի համայն հարստութեան մասին։ Նախ եւ առաջ մարդը, որ կը յայտնաբերէ սիրոյ արժանաւորութիւնը։ Հետեւաբար սէր եւ ստեղծագործութիւն, ընդգծեց Սրբազան Պապը։

Գեղարուեստը, մարզանքը, մշակոյթը, երաժշտութիւնը։ Բոլոր այս միջոցառումներու ճամբով անհատը կը հասնի դաստիարակութեան եւ կազմաւորումին առանց դուրս մնալու տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային մարզերէն։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր ճառին մէջ ակնարկեց պարմանուհիի մը մէկ խօսքին . ''ամէնքը միշտ մեզի կ՛ըսեն որ մենք երիտասարդներս ընկերութեան ապագան ենք, սակայն իրականութեան մէջ մենք նախ ներկաներ ենք, որովհետեւ այսօր է որ պէտք ենք սորվիլ ու ապրիլ արժէքները այսօր եւ ապա` ապագային։

Երիտասարդներու ծրագիրներու ու կեանքի վկայութիւններու ներկայացումէն ետք ֆրանչիսկոս Պապը յայտարարեց երկու ժամադրութիւններ. Առաջինը` 7 Մայիսին կռփամարտ-ի հանդիպում  կաթողիկէի մը եւ մահմետականի մը միջեւ Las Vegas-ի մէջ, եւ երկրորդը` 29 Մայիսին  ''խաղաղութեան ոտնագունդի խաղ'' Հռոմի ողիմպիական դաշտին մէջ։       

Յայտնենք թէ վերոնշեալ հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Ոտնագունդի աշխարհահռչակ մարզիկ Ռոնալտինիոն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.