2016-02-04 09:30:00

ֆրանչիսկոս Պապի Սանթա Մարթա բնակավայրի մասին անցեալի հայող տեղեկութիւններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Santa Marta շէնքը, որ ներկայիս կը կոչուի ''Պապին բնակարանը'' անցեալին եղած է փոքրիկ եկեղեցի մը եւ հիւանդանոց մը (1538-ին) ապա վանք մը` 1726-1874։ Այդ տունը հռոմէացիները կը կոչէին ս. Պետրոսի կանթեղը։ Տունը կառուցուած է Պօղոս Գ Պապի օրով, երբ Առաքելական Պալատներու սպասաւորները Պապէն խնդրեցին ու ստացան եղբայրութիւն կազմել` խնամելու աղքատ հիւանդները։ Պօղոս Գ պապը ընդառաջեց անոնց խնդրանքին (1538) կառուցանել տալով հիւանդանոցը, փոքրիկ եկեղեցի մը ու գերեզմանոց մը ''Սանէթա Մարթա'' անուան տակ։

16-րդ դարուն Կղէմէս Ը Պապը զայն զարգացուց։ Եղբայր Միքելէ Տի Սան Ճուզեփփէն` 1726-ին Պենետիկտոս ԺԳ Պապէն խնդրեց եւ արտօնութիւնը ունեցաւ փոքրիկ հիւանդանոցը դարձնել հիւրանոց` ու զայն դրաւ Հռոմէն անցնող ուխտաւոր կրօնաւորներու տրամադրութեան տակ։ 1858-ին Ս﹒ Երրորդութեան կրօնաւորուհիները տէր դարձան Սանթա Մարթա հիւրանոցին։

21 Յուլիս 1874 Սրբուհի Մարթան ետ դարձաւ նախկին տէրերուն` Առաքելական Պալատին։








All the contents on this site are copyrighted ©.