2016-02-04 12:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Հաւատքը ամենամեծ ժառանգութինն է որ կրնանք թողուլ այս աշխարհին մէջ''


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 4 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած Քարոզին մէջ  յայտնեց, թէ ամենաշքեղ ժառանգութիւնը որ կրնանք ուրիշներուն փոխանցել՝ հաւատքն է , ապա հրաւիրեց չի վախնալու մահէն , որովհետեւ կեանքի ուղեւորութիւնը կը շարունակուի։

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ Գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի Դաւիթ Թագաւորի մահուան մասին, ընդգծեց թէ մահուան մտածումը հաճելի չի թուիր շատերուն համար  բայց անիկա իրողութիւն մըն է որ պէտք են  միշտ ունենալ մեր աչքերուն  առջեւ,  որովհետեւ  կեանքի վերջին հանգրուանի մասին խոկալը մեր կեանքը կը լուսաւորէ ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յայտնեց, թէ հաւատքը ամենագեղեցիկ ժառանգութիւնն է,  որ  մարդը կրնայ թողուլ իր զաւակներուն։ Օրինակ բերելով  Դաւիթ Թագաւորը Սրբազան Հայրը ըսաւ թէ Ան իշխեց 40 տարիներ, ու կեանքի ընթացքին  շատ մեղքեր գործեց , սակայն   սորվեցաւ  ներողութիւն խնդրել եւ այսօր՝ Եկեղեցին զայն կը կոչէ Դաւիթ Թագաւոր եւ Սուրբ։

Դաւիթ Թագաւորը կեանքի աւարտին իր զաւկին Սողոմոնին յորդորեց յարգել Տիրոջ օրէնքները անոր փոխանցելով  ամենագեղեցիկ եւ ամենամեծ Ժառանգութիւնը զոր մարդը կրնայ թողուլ իր զաւկին՝ հաւատքը։

Քարոզի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ  յորդորեց երկու բան խնդրել Տիրոջմէ

Առաջին ՝Չի վախնալ կեանքի վերջին հանգրուանէն որովհետեւ անոր կը յաջորդէ այլ ուղեւորութիւն մը։Իսկ երկրորդ՝ ամէնքս որպէս փեր կեանքի լաւագոյն  ժառանգութիւն թողունք`   հաւատքը, հաւատքը այն հաւատարիմ Աստուծոյ  հանդէպ, որ միշտ մեզի նեցուկ կը կանգնի , այն Աստուածոյ որ Հայր է եւ  երբեք յուսախաբ չի թողուր։








All the contents on this site are copyrighted ©.