2016-02-04 08:30:00

Իտալացի Քահանայ Հայր Անտրէա Սանթորոյի մահուան 10րդ տարելիցը։


(Ռատիօ Վատիկան) 5 Փետրուար 2006ին  թուրքիոյ սեւ ծովեան Թրապզոն քաղաքի Սուրբ Մարիամի անուան նուիրուած Եկեղեցիին մէջ աղօթքի ընթացքին սպաննուած` Իտալացի Քահանայ Հայր Անտրէա Սանթորոյի մահուան 10րդ տարելիցը պիտի նշուի ըլլայ Թրապզոնի մէջ ըլլայ Հռոմի մէջ։

Ուրբաթ 5 Փետրուար 2016-ի երեկոյեան 6,30, Թրապզոնի եկեղեցւոյ մէջ Անատոլիայի Առաքելական փոխանորդ` գերապայծառ Փաոլօ Պիցցեթի պիտի նախագահէ հոգեհանգստեան Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն տեղացի կաթողիկէ հաւատացեալներ եւ Իտալայէն ժամանած Հայր Սանթորոյի բարեկամ քահանաներ։

Հայր Անտրէա մօտէն կը հետաքրքրուէր Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ յարաբերութիւններով, ինչպէս նաեւ երեք միաստուածեան կրօններու միջեւ կապերով։ Հայր Անտրէա կ՝ըսէր ''քրիստոնէական ինքնութիւնը հողամասային ինքնութիւն մը չէ եւ ոչ ալ պարզապէս մշակութային։ Քրիստոնէական ինքնութիւնը աւետարանական ինքնութիւն մըն է։

Գերապայծառ Փաոլօ Պիցցեթի արտայայտուելով Հայր Սանթորյի գործունէութեան ու առաքելութեան մասին յայտնեց թէ ան մարգարէական ներշնչում ունեցած է որովհետեւ ցոյց տուած է երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ առօրեայ համակեցութեան հարկաւորութիւնը ուրիշները հասկնալու համար։ Հայր Անտրէան իր օրինակով կ՛օգներ զինաթափ ընել ''պատ - պատի դէմ'' տրամաբանութիւնը. ասոր համար անոր միսիոներական ու երկխօսութեան մարդու դիմագիծը այժմէական կը մնայ - ըսաւ Գերապայծառ  Պիցցեթի։

Յայտնենք թէ անցեալ 2 Փետրուարին, Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ աղօթքի հսկում ի յիշատակ Հայր Սանթորոյին, մինչ 5 փետրուարի երեկոյեան 7-ին, Հայր Անտրէա Սանթորոյի մահուան 10-րդ տարելիցին առթիւ, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ նախատեսուած է Հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ զոր կը գլխաւորէ Հռոմի Թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.