2016-02-03 14:47:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։


Պոչին Վէրքը Դե՛ռ Կը Կոտտա՜յ

Մարդ մը, զայրացած՝ իր զաւակը սպաննած օձէն, իր սուր կացինով կը փորձէ զայն սպաննել, սակայն չի՛ յաջողիր ուղղակի օձին գլխուն իջեցնել տապարի հարուածը,  այլ պոչի վերջին մասին կը հասցնէ հարուածը,ու կը  կտրէ անկէ մասնիկ մը: 

Օձը  բնականաբար ցաւ կը զգայ:

Տարօրինակը այն է սակայն, որ տարինե՜ր յետոյ, բնականօրէն սպիանալու դատապարուած վէրքը պոչին, չի՛ դադրիր ցաւելէ, այնպէս ինչպէս որդեկորոյս հօր սիրտին մէջ չի՛ դադրիր մորմոքը՝ իր զաւակի կորստեան:

Այս դրուագին մէջ, հետաքրքրական է  օձին «արտայայտութիւնը» այս մասին. «Դուն զաւակիդ ցաւը պիտի չմոռնա՛ս, իսկ ես՝ պոչիս ցաւը»:

Ոխակալութեան համար տրուած ամէնէն բացայայտ օրինակներէն մէկն այս: Ոմանց այնպէս կը թուի, թէ ոխակալութիւնը ժամանակաւոր է: Ազգերու, մշակոյթներու, կրօններու եւ մարդկային ընկերութիւններու միջեւ կարելի է տարբերութիւններ դնել այս հարցին գծով, նայած անոնցմէ իւրաքանչիւրին ազգային դաստիարակութիւնը, մշակութային արեւելումը, կրօնական հաւատալիքները եւ ընկերային մօտեցումները:

Վերոնշեալներէն ոմանք արմատական հայեցակէտներ կրնան ունենալ, իսկ ուրիշներ՝ աւելի մեղմ եւ փոփոխելի: Մարդ էակը ճիշդ է որ սեփական դատողութիւն ունի, սակայն ենթակայ է ընդհանուր ուղեգիծին, որ իրեն կը ներարկուի իր պատկանած ազգին, իր ժողովուրդի սեփական մշակոյթին, իր կրօնքի մասնաւոր ուսուցումներուն եւ իր ապրած միջավայրի իւրայատուկ կանոններուն խողովակով: Այսպէս, օրինակ՝ գաւառցի անձը իր միջավայրի կազմաւորման բոլոր օրէնքները իր հետ կը տանի ամէն տեղ, անգիտակցաբար երդուելով, թէ զանոնք մինչեւ գերեզմանի մութ փոսը նաեւ, իր հետ պիտի իջեցնէ… Քաղաքածին մարդն ալ ի՛ր դաւանած օրէնքներուն հաւատարիմ կը մնայ, սակայն շատ աւելի լայնախոհ մօտեցում կը ցուցաբերէ, յարմարելով միջավայրին ու օրուան յառաջդիմական պայմաններուն:

Անցեալը մոռնալու քարոզները, որոնք յաճախ մարդիկ իրենք իրենց անձին կը կարդան, մարդը հաւատացեալ դարձնելու փոխարէն, աւելի անհաւատ կը դարձնեն: Ինչքան մարդ խօսի իր անցեալը մոռցած ըլլալուն մասին, նոյնքան կը փաստէ, թէ չէ՛ մոռցած տակաւին… Փաստօրէն մոռցողը բնաւ չի՛ խօսիր այդ մասին, ո՛չ ալ կամայ-ակամայ ակնարկութիւններ կը կատարէ: Այլապէս, ան կը փաստէ, թէ ինչքա՜ն «ցաւած է իր պոչը» անցեալին, որուն վէրքը դե՛ռ կը կոտտա՜յ:

Հոգեբաններ տարիքի յառաջացման կ՛առնչեն նաեւ անցեալը վերյիշելու ունակութիւնը մարդուն մօտ: Ինչքան տարիքը բարձրանայ, այնքան աւելի անցեալի դառն ու անուշ յուշերը կը յաճախեն մարդուն միտքը, զայն օրօրելով իրենց փափուկ կամ փշոտ օրօրոցին մէջ: Անցեալի քաջարի ու հուժկու մարդուն մկանները երբ կը թուլնան եւ կը սկսի զգալու իր ֆիզիքական անկարողութիւնը, մէկ դրամագլուխ կը մնայ իրեն համար՝ անցեալի իր քաջագործութիւնները վերյիշել: Ու այսպիսով, ան կը սկսի պատմելու ու վերապատմելու, յիշելու ու յիշեցնելու: «Պոչի ցաւ»ը եթէ կարելի ըլլար դարմանել, գէթ մեղմելու համար զայն, անցնող երկա՜ր տարիները պէտք է օգտակար հանդիսացած ըլլային: «Պոչի ցաւ» ունեցողներու ոխակալութիւնը միայն մահով իր հանդարտութիւնը կը գտնէ: Սակայն, ի՛նչ օգուտ: Մահով եթէ ոխակալութիւնը վերջ պիտի գտնէ, ուրեմն չ՛արժեր կռուիլ: Ուրեմն ո՛չ կ՛արժէ զոհ տալ, ո՛չ ալ «պոչ» կորսնցնել, որովհետեւ անոր ցաւը պիտի մնայ մինչեւ կեանքին աւարտը: Ջանանք մեր հաշուարկները կանխաւ լաւապէս կատարել, այսպէսով ոչ «պոչ» վրայ կու տանք եւ ոչ  ալ կոտտացող վէրք կ՛ունենանք «պոչի վրայ», անոր կտրուելուն պատճառով:








All the contents on this site are copyrighted ©.