2016-02-02 09:23:00

Տեառնընդառաջի տօնին Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛եզրափակէ Կրօնաւորական կեանքի Տարին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 2 փետրուար 2016-ին Եկեղեցին կը նշէ Տեառնընդառաջի տօնը, այսինքն Յիսուսի ներկայացումը տաճար, քառասնօրեայ շրջանը ամբողջացնելէ ետք։ Այդ օրը կը կատարուի նաեւ մոմերու օրհնութիւնը։ Հաւատացեալները, այդ օրհնուած մոմերը առնելէ ետք` տուն կը տանին որպէս խորհրդանիշ հաւատքի լոյսին, որ կը լուսաւորէ ամէն քրիստոնեայ ընտանիք։

Տեառնընդառաջի տօնին հետ կը զուգադիպի Կրօնաւորական կեանքի 20-րդ օրը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, յետմիջօրէի 5.30-ին, Վատիկանի Մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն կրօնաւորական կեանքի` նուիրեալ անձինք, որոնք Հռոմի մէջ կը նշեն իրենց Ողորմութեան Յոբելեանը։ Սոյն պատարագի արարողութեամբ եզրափակումը կը կատարուի նաեւ  ''Կրօնաւորական կեանքի տարուան'' որ սկիզբ առած էր 30 նոյեմբեր 2014-ին։

Վերոնշեալ արարողութիւնը սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքով ապա կրօնաւոր-կրօնաւորուհիները իրենց ձեռքը մոմերը բռնած մուտք կը գործեն Պազիլիքա, հուսկ Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէկ խորանին առջեւ կը կատարէ մոմերու օրհնութիւնը որմէ ետք թափօր մը կը կազմուի եւ Քահանայապետն ու համապատարագիչ եպիսկոպոսները ու խորանի սպասաւորները միասին կ՛ուղղուին Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական խորան ուր սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.