2016-01-30 14:09:00

Կիրակնօրեայ աւետարանական խորհրդածութիւն.Բ. Զկնի Առաջաւորի


Յիսուս իր աշակերտներուն կը խօսէր իր սիրոյ եւ նուիրումի գերագոյն արտայայտութեան մասին։ Մարդացեալ Աստուած, կʼուզէ հացի եւ գինիի կերպարանքներու տակ մնալ մարդկութեան մօտ՝ շօշափելի, ճաշակելի – մշտնջենաւոր ներկայութիւն։ Ան կʼուզէ մնալ մարդկութեան մօտ՝ ազատելու համար մարդը մեղքէ, եւ շնորհելու անոր յաւիտենական կեանք, փրկութիւն։ Յիսուս կը խօսի նուիրումի մասին՝ մինչ մարդիկ չեն ուզեր հասկնալ, չեն ուզեր ընդունիլ սիրոյ այդ գերագոյն նուիրումը. կը տրտնջեն, կը քննադատեն, կը հեռանան Յիսուսէ։

Յովհաննէսի Աւետարանի 6րդ գլխուն մէջ, Յիսուս կրկին ու կրկին կը շեշտէ իր նուիրումը, իր մարմնոյն, Սուրբ Հաղորդութեան կենսատու շնորհքը մարդ արարածին։ Աւետարաններու մէջ որեւէ այլ տեղ չենք հանդիպիր այնպիսի հատուածի մը, ուր Յիսուս այսքան անգամ կրկնէ ու շեշտէ իր պատգամը։ Յիսուսի խօսքերն են՝ «Աշխատեցէք՝ ոչ կորստական կերակուրի համար, այլ այն կերակուրին համար որ յաւիտենական կեանքի համար է, որ մարդու որդին պիտի տայ», «ճշմարիտ ճշմարիտ կʼըսեմ ձեզի՝ ոչ թէ Մովսէս տուաւ ձեզի երկնքի հացը, այլ իմ հայրս է որ ձեզի պիտի տայ ճշմարիտ հացը՝ երկնքէն», «որովհետեւ հացը Աստուծմէ է, որ երկնքէն կʼիջնէ եւ աշխարհի կեանք կու տայ», «ես եմ կեանքի հացը, այն անձը որ ինծի կու գայ, պիտի չանօթենայ, եւ այն որ ինծի կը հաւատայ երբեք պիտի չծարաւի», «ես եմ կեանքի հացը. ձեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան եւ մեռան։ Այս է հացը, որ երկնքէն իջած է. այն որ ուտէ անկէ պիտի չմեռնի», «ես եմ կենդանի հացը, որ երկնքէն իջած է։ Եթէ մէկը այս հացէն ուտէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի։ Եւ հացը որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որ աշխարհի կեանքին համար պիտի տամ», «ճշմարիտ ճշմարիտ կʼըսեմ ձեզի, եթէ մարդու որդիին մարմինը չուտէք եւ անոր արիւնը չըմպէք, կեանք պիտի չունենաք», «ան, որ կʼուտէ իմ մարմինս եւ կʼըմպէ իմ արիւնս, յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ, եւ ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը», «որովհետեւ իմ մարմինս ճշմարիտ կերակուր է, եւ իմ արիւնս՝ ճշմարիտ ըմպելի», «ան, որ ուտէ իմ մարմինս, եւ ըմպէ արիւնս, իմ մէջս պիտի բնակի, եւ ես՝ անոր մէջ», «կենդանի հայրը զիս առաքեց, եւ ես կեանք ունիմ հօրմէ, եւ այն որ զիս կʼուտէ՝ ինձմէ կեանք պիտի ունենայ», «այս է հացը որ երկնքէն իջած է. ան, որ այս հացը ուտէ յաւիտեան պիտի ապրի»։ (Յովհ Զ.)

Աշակերտներուն պատասխանն է՝ «խիստ է այդ խօսքդ, ո՞վ կրնայ այդպիսի բան լսել»։ Յիսուսի աշակերտներուն համար, որոնք հրեայ հաւատացեալներ էին, անկարելի բան էր մէկուն մամինը ուտել, իսկ արիւնը՝ ընդհանրապէս պիղծ կը նկատուէր։ Հետեւաբար, անոնք գայթակղած էին։ Բացի այդ իրականութենէն՝ անոնց համար աներեւակայելի էր այդքան նուիրում այդքան աստուածային սէր եւ գթութիւն։ Աստուած՝ Հին Կտակարանի մէջ ինքզինք բազմիցս յայտնած էր իբր ողորմած եւ գթած Աստուած. թէեւ այնտեղ շատ անգամ իսրայէլի ժողովուրդը կʼապրէր նաեւ Աստուծոյ բարկութիւնը եւ կը կրէր պատիժներ։ Հրեային համար Աստուծոյ ողորմութեան եւ գութի արտայայտութիւնները անոնց ազատագրումն էր թշնամիներէ, անոնց կերակրումն էր անապատին մէջ։ Ահա ասոր վրայ կենդրոնացած՝ անոնք չէին ըմբռներ Յիսուսի խօսքերը։ Յիսուս կը նկատէ անոնց գայթակղիլը եւ կը շեշտէ՝ «Հոգին է կենդանարար, մարմինը ոչ մէկ օգուտ ունի։ Այն բաները որ ձեզի խօսեցայ՝ հոգի են եւ կեանք»։ Ապա կը զգուշացնէ, որ աւելին պիտի տեսնեն։ Արդ, եթէ ասոր պատրաստ չէք, ինչպէ՞ս աւելի յայտնութիւններ պիտի կարենաք ընդունիլ։ Յիսուս եկած էր մարդու հոգին փրկելու, մարդ արարածը կրկին Աստուծոյ մօտեցնելու, եւ ոչ՝ ինչպէս շատ հրեաներ կը հաւատային, իրենց քաղաքական ազատագրում եւ երկրային թագաւորութիւն շնորհելու։

Ապա շատեր կը հեռանան. Յիսուսի հետ չեն մնար. չեն հասկնար անոր վարդապետածը. կը գայթակղին անոր «նոր վարդապետութենէն» ...

Սրտաճմլիկ է Յիսուսի հարցումը՝ «դու՞ք ալ կʼուզէք երթալ»։ Այդքան սէր, այդքան նուիրում. մինչ պատասխանը - օտարացում ...

Նորէն Պետրոս առաքեալ է, որ քաջութիւնը կʼունենայ դաւանելու՝ «Տէր, որու՞ պիտի երթանք. դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս, մենք հաւատացինք եւ ճանչցանք, որ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ որդին»։

Հաւատացեալ քրիստոնեայ, ինքզինքդ պահ մը դիր աշակերտներու այդ շրջանակին մէջ, լսէ Յիսուսի խօսքերը ուշադրութեամբ։ Այսօր նոյն խօսքերը Ան կʼուղղէ քեզի՝ «Ես եմ կեանքի հացը, ես եմ քու փրկութիւնդ եւ յաւիտենական կեանքդ» եւ հարց կու տայ «կʼուզե՞ս իմ հետս մնալ»։ Ի՞նչ է պատասխանդ։ Քեզի՞ ալ դժուար կը թուի հաւատալ Աստուծոյ անհուն ողորմութեան, որ իր անսահման սիրոյն մէջ կարող է ամէն բանի, կարող է տալու քեզի իր մարմինը՝ օր ըստ օրէ զոհուելով խորանի վրայ։ Քեզի՞ ալ դժուար կը թուի ապրիլ իբր քրիստոնեայ աշխարհի մը մէջ ուր նիւթը, նիւթապաշտութիւն եւ ատելութիւն կʼիշխեն։ Դու՞ն ալ կʼամջնաս դաւանելու Քրիստոսի պատկանելիութիւնդ, տեղի տալով հեգնանքի, տեղի տալով չարի, ենթարկուելով սուտի ճնշումին։ Հարց տուր դուն քեզի այս րոպէիս եւ կեանքիդ իւրաքանչիւր օրը։ Որովհետեւ Յիսուսի հրաւէրը միշտ պիտի բախէ սրտիդ դուռը։ Պատասխանէ՝ «Տէր, որու՞ պիտի երթամ. դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս, ես հաւատացի եւ ճանչցայ, որ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ որդին»։








All the contents on this site are copyrighted ©.