2015-12-17 12:01:00

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ


Սուրբ Գրիգիոր Նարեկացի Աստուծոյ Ողորմածութիւնը

«Տիրոջ Հոգին իմ վրաս է. Ասոր համար զիս օծեց։ Զիս առաքեց որպէսզի աղքատներուն աւետարանը բերեմ. որպէսզի բանտարկեալներուն ազատութիւն աւետեմ եւ կոյրերուն աչքի լոյս. որպէսզի խորտակուածները ազատագրեմ եւ Տիրոջ շնորհքի տարին հռչակեմ։ Որպէսզի Սգաւորները մխիթարեմ։» (Հմմտ. Ղուկ Դ. 18-19, Եսայ ԿԱ. 1-3)

Եկեղեցին երկու հազար տարի շարունակ քարոզած է Աստուծոյ ողորմածութիւնը եւ ներողամտութիւնը։ Հակառակ որ ոմանց մօտ այնպիսի տպաւորութիւն մը արմատացած է՝ թէ քրիստոնէական կրօնքը արգելքներու եւ վախի, պատուիրաններու եւ ստիպումի կրօնք է։ Եթէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի շատ խիստ խօսքերով ինքզինք կը մեղադրէ, իր անձին ամէն տեսակ մեղքեր կը վերագրէ, այդ մարդկային մեղսականութեան գիտակցութիւնն է՝ որ երեւան կու գայ աստուածային լոյսին տակ։ Այս պատկերը կը հանդիպինք եկեղեցւոյ հայրերու եւ եկեղեցւոյ ուսուցման մէջ։ Մարդ արարածը, ինչպէս սուրբերու պարագան է, որքան աւելի մօտենայ Աստուծոյ, այնքան աւելի պիտի անդրադառնայ իր հոգիի խաւարին, մեղքերու կշիռքին, սիրոյ պակասին - որովհետեւ Աստուած անսահման բարի է, լոյս է, սէր է եւ ողորմածութիւն։ Ինչպէս մեր աչքը որեւէ առարկայի յստակութիւնը կը նկատէ ըստ լոյսի ուժգնութեան, այնպէս մեր հոգին աստուածային լոյսի ուժգնութեան տակ աւելի յստակութեամբ կը նկատէ մարդկային մեղսականութիւնը։ Սակայն այստեղ կանգ չʼառներ սուրբը։ Աստուծոյ զօրութիւնը կը սկսի լուսաւորել այդ ներքին խաւարը։ Անոր սէրն ու ողորմածութիւնը կը սկսի կիզել որեւէ արատ եւ ոչնչացնել որեւէ հիւանդութիւն։ Աստուծոյ մօտիկութեան մէջ հոգին կը մաքրուի, կը զտուի։

Այս իրականութիւնը կը վկայէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի իր «Մատեան Ողբերգութեան» ԺԶ. գլխուն մէջ։

«Ամէն բանի մէջ բարերար Տէր,

Լոյս խաւարի մէջ, գանձդ օրհնութեան,

Ողորմած, գթած, մարդասէր, կարող,

Հզօր, անպատում, անքննին, անճառ.

Յակոբի ուղղած խօսքիդ՝ ամենակարող, (Ծննդ ԼԵ. 11)

Եւ անհնարին բոլոր բաներու՝

Միշտ դիւրապատրաստ հնարաւորող.

Մեղքի խռիւները սպառող կրակ.

Կիզանուտ ճաճանչ, ընդհանրական

Ու մեծախորհուրդ թափանցողութեամբ.

Յիշէ զիս օրհնեալ ողորմութեամբդ,

Եւ ոչ իրաւունքովդ.

Քու ներողութեամբդ, ոչ թէ հատուցմամբ.

Երկայնմտութեամբ՝ եւ ոչ հաւաստեաւ։

Եթէ մեղքերուս ծանրութիւնը կշռելու ըլլաս,

Զայն կատարէ քաղցրութեամբդ, ոչ թէ արդարութեամբ.

Զի ըստ առաջին չափին՝ չափազանց նուազ պիտի ըլլան,

Իսկ ըստ վերջինին՝ սաստիկ ծանրակիր։

Արդ մօտեցիր ինծի, ով բարութիւն,

Ինչպէս բուժելու համար մօտեցար

Ականջին քու դէմդ ստամբակողին.

Մեղապարտէս վանէ այս խրովայոյզ մահուան հողմը,

Որպէսզի հանգչի իմ մէջս խաղաղութեան ամենակալ Հոգիդ,

Քեզի փառք ամէն ինչի մէջ, յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.